ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԸ
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՔԻՆ
Հայ ժողովուրդի ողջ պատմութեան ընթացքին Հայրենիքի ու պետականութեան պաշտպան հանդիսացողները եղած են ժողովուրդն ու բանակը։ Ժողովուրդի մէկ կանչին շնորհիւ, երեսուն տարի առաջ, կազմակերպուեցաւ արցախեան շարժումը, կազմաւորուեցաւ Հայոց ազգային բանակը ու հիմքը դրուեցաւ մեր հայրենիքի պաշտպանութեան կայմը կանգուն պահող խարիսխին։
Ժողովուրդն է որ կ՚ընտրէ իր իշխանութիւնը, իսկ եթէ ան չարդարացուց իր յոյսերն ու իղձերը, չկրցաւ ունենալ երկրին համընդհանուր շահերը պաշտպանելու, սահմանները պահպանելու,  փտածութեան վերջ տալու, հայրենիքի յառաջընթացին համար ծրագիր մշակելու եւ զայն ի գործ դնելու առաքելութիւնը՝ ժողովուրդն ու բանակը իրաւունք ունին վար առնելու այդ իշխանութիւնը, ընտրելու նորը՝ նոյն պայմանով։
Հայոց բանակին  ռազմունակութիւնը խնդրոյ առարկայ չի կրնար ըլլալ, բանակը ժողովուրդին ամուր բազուկն է, անոր թիկունքը, իսկ ժողովուրդը բանակին կողքին եղած է ու պիտի ըլլայ տեւաբար։ Կարելի չէ բանակը քաղաքական հաշիւներով նսեմացնելու ծուղակին մէջ իյնալ, մեր հայրենիքի պաշտպանութիւնը կասկածի տակ առնելը կարմիր գիծ է Հայոց բանակին համար։
Պատերազմը տանուլ տուած իշխանութիւնը խոհեմութիւնը պիտի ունենար ականջ տալու ժողովուրդին, քաղաքական ուժերուն, բանակին թեւ ու թիկունք կանգնելու։ Սակայն այս բոլորը չտեսանք անցնող քանի մը ամիսներուն ընթացքին։
Այսօր ՀՀ զինուած ուԺերը միանալով հայ քաղաքական ընդդիմադիր ուժերու պահանջին յայտարարեցին, որ կը պահանջեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։
Սա յստակ ուղերձ էր Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին՝ անսալու ժողովուրդին կամքին, յաւելեալ լարուածութիւն չստեղծելու եւ հրաժարելու։
Հայաստանի մեր ժողովուրդը իր ազատ խօսքը արտայայտելու, ժողովրդավար երկրի վայել կեցուածք ու մօտեցում դրսեւորելու յանդգնութիւնը արտայայտեց։ Օրեր շարունակ, գիշեր-ցերեկ Երեւանի Ազատութեան հրապարակ համախմբուելով, կազմակերպուած շարքերով իշխանութիւնը վար առնելու արդար պահանջով փորձեց ու կը փորձէ դուրս բերել մեր երկիրը պարտութիւն առաջնորդող յորձանուտէն։ Արդարութիւնը աստիճանաբար ընդդիմութեան կողքը համախմբեց հայրենիքին համար մաքառող  ժողովուրդի լայն զանգուածները, իսկ այսօր արդէն Հայոց քաջարի բանակը։
Ժողովուրդ-բանակ միասնութիւնն է, որ մեր երկիրը ոտքի պիտի պահէ, քայլ առ քայլ վերամրագրելու Հայոց հայրենիքի սահմանները, մեր նահատակներուն թափած արեան արժէքը ծրագրուած աշխատանքով կեանքի կոչելու։
Այս առիթով հնչած դրացի երկիրներու յայտարարութիւնները յստակ չէի՞ն միթէ, թէ ինչո՛ւ պէտք է համախմբուիլ ու տէր կանգնիլ մեր հայրենիքին, անկախ տարածաշրջանային ուժերու հաշիւներէն։
Ռուսիոյ յայտարարութիւնը, թէ սա Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին հարցն է, արդար հաստատում մըն էր, նոյնը կարելի չէ ըսել Հայաստանի  այս ճգնաժամին լարումը ցանկացող Թուրքիոյ համար, անոր արտաքին գործոց նախարարը պարզ ու յստակ էր, թէ ինչո՛ւ կը յայտարարէր, որ Հայոց բանակին ժողովուրդին կողքը կանգնիլը զինուորական յեղաշրջման փորձ է։ Թուրքիան բնաւ պիտի չցանկար տեսնել ժողովրդավար Հայաստան մը, որ քաղաքակիրթ ճամբով, խաղաղ ցոյցերով կը լուծէ իր ներքին հարցերը, որովհետեւ ի՛նք հեռու մնաց ու պիտի շարունակէ մնալ ժողովրդավարութեան ակունքներէն, այնքան ատեն որ իր ներքին եւ արտաքին հարցերը միայն բռնի ուժով, այլոց իրաւունքները անտեսելով կը փորձէ լուծել։
Ժողովրդավար երկրի կառուցումը, քայլ առ քայլ, թէկուզ մերթ ընդ մերթ պարտութիւններով, ուղի պիտի հարթէ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ աստիճանական զարգացումին համար։ Ժողովուրդը երկիրն ու իր կեանքը բարելաւելու համար այսքան զոհեր տալով, տառապելով, պայքարելով իրաւունք ունի պահանջելու այնպիսի իշխանութիւն, որ ունենայ հայրենիքի սահմանները պահպանելու, երկիրը զարգացնելու, բանակը զօրացնելու, ժողովուրդին բարեկեցիկ կեանքը ապահովելու, մեր մշակոյթն ու ազգային արժէքները հարստացնելու երկարաժամկէտ ծրագիր։ Իշխանափոխութիւնը դէմքերու փոփոխութիւն չէ պարզապէս, իշխանափոխութիւնը ծրագիրներու փոփոխութիւն է առաւելաբար, ծրագիրներ, որոնց շուրջ պիտի համախմբուի ազգս ամբողջ ու մէկդի դրած իր տարակարծութիւնները գործի լծուի այլեւս՝ հաւաքական շահը ուղեցոյց ունենալով, ոչ թէ սոսկ լոզունգներով առաջնորդուելով, այլապէս մեր կորուստներու քանակը պիտի կրկնապատկուի։
Ուստի, ժողովո՛ւրդ Հայոց, հեռու մնա՛ քեզ բախումնային լարուածութեան առաջնորդող սադրանքներէն, զգացական պոռթկումներէն ու շարունակէ պայքարիլ քաղաքակիրթ ու ժողովրդավար երկրի յարիր միջոցներով։