25 Փետրուարին, Արցախի երիտասարդները ցոյց կազմակերպած են Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ` ի աջակցութիւն Հայոց բանակին: Պահանջած են դաւաճաններու հեռացումը: Պաստառներուն մէջ նշուած են հետեւեալ կարգախօսները` «ազգադաւներ հեռու հայոց բանակէն», «զինուորին դաւաճանողը ազգի դաւաճան է», «ոչ դաւաճաններուն», «առանց Նիկոլ Հայաստան», «դաւաճաններ հեռացեք»: