Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ «Իսքանտեր»-ի վերաբերեալ Հայաստանի վարչապետին յայտարարութիւնը կրնայ ապակողմնորոշման հետեւանք ըլլալ: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք Արմենիա»-ն: «Իսքանտեր»-ներու հրթիռներու հայաստանեան ամբողջ քանակը երկրի զինեալ ուժերու պահեստներուն մէջ է», կը յայտնեն Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ կը նշէ, որ «Իսքանտեր»-ները օգտագործուած են Սուրիոյ մէջ` ահաբեկիչներու դէմ պայքարին ընթացքին, ինչ որ ռուսական կողմը կ՛որակէ իբրեւ այդ զինատեսակի արդիւնաւէտ փորձարկում եւ այդ տուեալներուն վրայ հիմնուելով կը պնդէ, որ Փաշինեանի` «Իսքանտեր»-ներու չպայթելու կամ տասը առ հարիւրով պայթելու մասին յայտարարութիւնը, ըստ ամենայնի հետեւանք է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին մատուցուած սխալ տեղեկութեան: