Անցեալ Դեկտեմբերի կէսերուն, բարեկամ մը կէս-մեղադրական ձայնով հեռաձայնեց, հարց տալու՝ թէ արդեօք պէտք ունէի՞ օտար՝ գերմանական հեքիաթ մը յիշատակելու, լուսարձակի տակ բերելու համար 10 Նոյեմբերէն առաջ եւ ետք Հայաստանի վիճակուած կացութիւնը, ու հարց տուաւ, թէ արդեօք չէի՞ կրնար հայկական հեքիաթ մը յիշատակել (կ՚ակնարկէր Հեմլինը առնէտներէ ձերբազատող կախարդին հեքիաթին):
Բարեկամիս ակնարկութիւնը մտատանջումի մատնեց զիս: Չէ՞ որ միշտ նախընտրած ենք մե՛ր գանձարաններէն օգտուիլ: Պրպտեցի, սակայն ինծի ծանօթ հայկական հեքիաթներու շարքին նման պատմութիւն չկրցայ մտաբերել (բարեբախտութի՞ւն համարենք…): Ուրեմն, որոշեցի դիմել «խարդախութեան», այսինքն, պատմական դէպք մը ներկայացնել իբրեւ…  հեքիաթ: Եւ որովհետեւ հեքիաթները պատմական ճշմարտութիւն չեն, սակայն կրնան ցոլացնել ճշմարտութիւններ, թող պատմական իրականութիւններուն ծանօթ ընթերցողներս ներողամտութեամբ ընկալեն շեղումներս եւ շինծու թուացող բաժինները, որքան ալ որ զանոնք ներկայացնեմ ճշմարտանման եւ որոշակի յապաւումներով:
Ուրեմն երթանք հեքիաթանման աշխարհ մը…
***
Կար ու չկար, հայ քաջ թագաւոր մը կար, անունը՝ Գագիկ Բագրատունի: Ան իր երկիրը դարձուցած էր հզօր, տեղը նստեցուցած էր թըշնամիները, խաղաղութիւն հաստատած էր ներքին ճակատի վրայ: Անոր մայրաքաղաքն ալ, Անին, նշանաւոր էր թէ՛ իբրեւ լաւ ամուր պարիսպներով պաշտպանուած քաղաք, թէ՛ իբրեւ մշակոյթի, շինարարութեան կեդրոն, եւ թէ իբրեւ վաճառականութեան կամուրջ մը՝ այդ օրերու աշխարհներուն միջեւ:
Գագիկ թագաւորը օր մըն ալ ծերացաւ եւ մեր աշխարհէն հեռացաւ (ճիշդ հազար տարի առաջ, 1020-ին): Իրեն յաջորդեց, ինչպէս կարգն էր, իր անդրանիկ զաւակը, որուն անունն էր Յովհաննէս Սմբատ: Ան թէեւ չար կամ վատ մէկը չէր, սակայն հօրը պէս լաւ կարողութիւններ չունէր, «ներսէն» թէ «դուրսէն»՝ զինք կը նկատէին թոյլ մարդ, անոր դէմ ախորժակները սկսան գրգռուիլ: Հետեւանքը եղաւ այն, որ թագաւորութիւնը սկսաւ նահանջ արձանագրել:
Հանգուցեալ Գագիկ թագաւորը ունէր երկրորդ զաւակ մըն ալ՝ Աշոտ անունով, որ աւելի խիզախ եւ կարող իշխան մըն էր: Աշոտ եւս մեծ ախորժակներ ունէր. կ՚ուզէր տիրանալ եղբօրը գահին, սակայն իշխաններն ու եկեղեցական դասը համաձայն չէին: Ըստ աւանդութեան եւ ուսուլին, անդրանիկին կ՚իյնար թագաւորելու իրաւունքը, կարելի չէր աւանդութիւնը խախտել եւ մէկդի նետել տկար Յովհաննէս Սմբատը: Թագաւորին կողքին էին Պետրոս (Գետադարձ) կաթողիկոսը եւ իշխանները. նշանաւոր էին մասնաւորաբար Պահլաւունիները, որոնք տիրական դեր ունէին բանակին ու երկրի պաշտպանութեան մէջ: Անոնք առաւելաբար զբաղած էին օտար թշնամիները զսպելու կռիւներով: Մէկ կողմէ՝ յունական ախորժակները, միւս կողմէ՝ սելճուքները կը փորձէին Հայաստանը պատառ-պատառ ընել եւ ուտել, կային նաեւ պարսիկները, որոնք բռնած էին տկարանալու ճամբան, իսկ արաբները վերջնականապէս չէին հեռացած հրապարակէն: Պահլաւունիներու առաջնորդութեամբ, հայկական բանակները կը յաջողէին Հայաստանը պաշտպանել թշնամիներէն:
Աշոտ իշխանը իր երազներէն դիւրին-դիւրին ձեռք քաշողը չէր: Անոր ախորժակները հասան հոն, ուր ան իր հետեւորդներով պատերազմի մէջ մտաւ եղբօրը դէմ: Կաթողիկոսն ու իշխանները միջամտեցին, ձեւով մը հաշտեցուցին հակամարտ եղբայրները, Աշոտը համոզեցին բաւականանալ Անիէն հեռու գտնուող հողամասերով: Աշոտ համակերպեցաւ, սակայն վերջնականապէս չհամոզուեցաւ. կը սպասէր, որ եղբայրը մեռնի եւ ինք տիրանայ գահին: Բնականաբար Յովհաննէս Սմբատի գործին չէր գար ատիկա. ան կ՚ուզէր, որ իր զաւակը ըլլայ իր յաջորդը:
Բախտը այնպէս բերաւ, որ Յովհաննէս Սմբատի զաւակը կանուխ մահանայ: Ան մնաց անժառանգ, նաեւ հաստատ մնաց իր այն համոզումին վրայ, որ գահը պէտք չէ անցնի եղբօրը: Հետեւաբար, խորհրդակցութեան հրաւիրեց կաթողիկոսն ու կարգ մը իշխաններ, տեսնելու համար, թէ ինչպէ՞ս պիտի կարենան լուծել ստեղծուած հանելուկը:
Սելճուքներու յարձակումները տասնամեակներէ ի վեր աւելի ու աւելի նեղ կացութեան կը մատնէին Հայաստանը, որուն մէկ մասն էր բագրատունիներու թագաւորութիւնը: Յոյները՝ այդ օրերու արեւմտեան հզօր կայսրութիւնը, հին ախորժակներ ունէին Հայաստանի նկատմամբ: Թագաւորական եւ իշխանական ընտանիքներուն, քիչ մըն ալ եկեղեցական դասուն մէջ որոշ համակրանք կար յոյներուն հանդէպ: Արդէն այլ թագաւորութիւններէ իշխաններ, չդիմանալով յարձակումներուն, սկսած էին հեռանալ իրենց քաղաքներէն ու կալուածներէն: Յոյները հնարք մը գտած էին՝ տիրանալու անոնց հողերուն. հայ իշխաններու կը նուիրէին իրենց կայսրութեան արեւելեան տարածքներուն մէջ գտնուող քաղաքներ ու ամրոցներ, կը քաջալերէին, որ անոնք իրենց բանակներով եւ բազմահազար ճորտերով երթան ու հոն հաստատուին: Տարօրինակ առ-եւ-տուր մը տեղի կ՚ունենար հայկական եւ յունական հողերու միջեւ: Վտանգուած հայ իշխաններ կը մտածէին. «Ի՞նչ կ՚ըլլայ որ… կալուածը՝ կալուած է, ճորտն ալ՝ մեր ճորտը. թող Հայաստան չըլլայ, թող ըլլայ կեդրոնական կամ արեւմըտեան Փոքր Ասիա… Պատառ մը հաց՝ ուր որ ալ ըլլայ, կրնանք ճարել, յոյներն ալ՝ մեզի պաշտպան…»:
Այս սքանչելի՜ մտածումը եկաւ-հասաւ Բագրատունիներու Յովհաննէս Սմբատին, որ կաթողիկոսին եւ կարգ մը իշխաններու խորհուրդով, որոշեց իր թագաւորութիւնը ժառանգ ձգել յոյներուն: Ան միւս հայ իշխաններէն աւելի՛ ազգասէր եւ հայրենասէր էր, այն առումով, որ ան իր հողերը չէր փոխանակեր, զանոնք կը պահէր ցմահ, իսկ անկէ ետք… (Ո՞վ կ՚ըսէ, որ «Ինձմէ ետք ջրհեղեղ» խօսքը ֆրանսացիներու Լուի 15-րդ թագաւորին կը պատկանի. Բագրատունի Յովհաննէս Սմբատը այդ մտածումը ունեցած է անկէ ուղիղ 8 դար առաջ, երբ Պետրոս կաթողիկոսին կը յանձնէր իր ստորագրած կտակը): Եւ ահա, բարեսիրտ կաթողիկոսն ու անոր գործակիցները, յոյն կայսրէն պարգեւներ ստանալու յոյսով, կտակը կը հասցնեն Վասիլ կայսեր:
Տարիները, որքան ալ իրենց ոտքերը վնգստացնեն, շուտ կը սահին: Աշոտ իշխանը, որ չէր կորսնցուցած իր ախորժակները, մեռաւ երէց եղբօրմէն առաջ, իր յոյսերը ժառանգ ձգելով իր պատանի մանչուկին՝ Գագիկին: Քանի մը տարի ետք, դըժբախտ ու անզաւակ Յովհաննէս Սմբատ թագաւորն ալ հասաւ հօրը եւ եղբօրը ետեւէն: Բնական ժառանգորդը պիտի ըլլար թագաւորական ընտանիքէն մէկը, ուրեմն, բախտը ըստ օրինի կը ժպտի 15 տարեկան Գագիկին, որ իր անունը կ՚անմահացնէ իբրեւ Գագիկ Բ.:
Բագրատունիներուն համար ամէն բան ծուռ չ՚երթար: Վասիլ կայսրը, որ հայերուն հանդէպ որոշ համակրանք ունէր, կ՚որոշէ կտակը վերադարձնել իրաւատիրոջ, չիւրացնել Անիի թագաւորութիւնը: Ան իր քովը կը կանչէ հայ քահանայ մը, որ կը կոչուէր Կիրակոս, եւ անոր կը յանձնէ կտակին գիրը, որպէսզի տանի Հայաստան: Կիրակոս քահանան, որ Պետրոս կաթողիկոսին բարեկամն էր ու գործակիցը, կ՚ունենայ այն զգացումը, որ գանձ մը գտած է: Ան կտակը կը պահէ իր գրպանը, որպէսզի զայն ծախէ աշխարհէն հեռացող Վասիլի յաջորդներուն: Ու անոր հաշիւները ճիշդ դուրս պիտի գային:
Յովհաննէս Սմբատի մահէն ետք, կաթողիկոսն ու իշխանները քով-քովի կու գան եւ գահ կը բարձրացնեն պատանի Գագիկը, որ իբրեւ հոգատար եւ վերահսկող, իր կողքին կ՚ունենայ սիւնեցի իշխան մը՝ Վեստ Սարգիս անունով: Սա Պետրոս կաթողիկոսին համախոհ գործակից մըն էր:
Թող աչքը շիլ դառնայ չարախօսներուն: Պետրոս կաթողիկոսը նշանաւոր էր իբրեւ աստուածաբան, իմաստուն եւ լեզուագէտ: Յոյներու հետ միասնաբար ջրօրհնէքի արարողութեան մը պահուն, ան մինչեւ իսկ գետի մը ջուրին հոսանքը ետ դարձուցած էր եւ այդ հրաշքին շնորհիւ, շահած էր գետադարձ կոչումը: Ան թէեւ շահադիտական նկատումներով երբեմն հարցեր ունեցած էր իր թագաւորին հետ, սակայն վարպետ դիւանագէտ մը ըլլալով, յաջողած էր հանդարտեցնել իր ջուրերը: Վեստ Սարգիս սիւնեցին ալ սիրելի էր ժողովուրդին: Ան շինած էր բերդեր ու վանքեր, լաւ ծառայութիւն մատուցած էր թագաւորական ընտանիքին ու հայրենիքին, ունէր հմտութիւններ, որոնք զինք արժանի կը դարձնէին մանկահասակ թագաւորին հոգատարը դառնալու: Այլ խօսքով, կաթողիկոսն ու իշխանը մինչեւ որոշ օր մը կը վայելէին յարգանք ու համակրանք:
Այդ օրերուն, Բիւզանդական կայսրութեան գահն ալ մեծ ախորժակներ գրգռող ապրանք էր. Վասիլի մահէն ետք, խառնաշփոթ վիճակ կը ստեղծուի նաեւ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, եւ ահա, Միքայէլ Դ. կոչեցեալը կայսր կը դառնայ: Կիրակոս քահանան, օրը հասած նկատելով, կ՚երթայ եւ Յովհաննէս Սմբատի կտակը պատկառելի գումարով մը կը ծախէ կայսեր, որ զայն դրօշակի վերածած, լուր կը ղրկէ Հայաստան, որ Անիի թագաւորութիւնը, այսինքն՝ մայրաքաղաքն ու շրջակայ հողերը իրեն յանձնուին:
Պատանի Գագիկը եւ ազգասէր նախարարներ չեն ընդունիր կայսեր պահանջը: Վէճը կը սկսի քաշքշուիլ, պատերազմի վտանգը կը կախուի բագրատունիներու թագաւորութեան գլխուն: Կայսրը հրաւէր կ՚ուղղէ 15-ամեայ Գագիկ Բ. թագաւորին, որ Կոստանդնուպոլիս երթայ եւ տեսնեն, թէ ինչպէ՞ս կրնան համաձայնիլ: Ազգայնական իշխաններ կը հասկնան, որ կայսրը կ՚ուզէ պարզապէս թակարդը ձգել պատանի թագաւորը, որովհետեւ համոզուած էին, որ եթէ ան ընդառաջէր հրաւէրին՝ կայսրը զայն պատանդ պիտի պահէր եւ պիտի իրականացնէր կտակը: Կաթողիկոսն ու Վեստ Սարգիս իշխանը, Կիրակոս քահանային պէս նիւթական շահի թաքուն ախորժակներ ունենալով, կը սկսին համոզել թագաւորը, որ չմերժէ հրաւէրը, երկիրը փրկէ պատերազմի վտանգէն: Թագաւորն ալ վախ ունէր, որ կրնայ պատանդ բըռնուիլ, սակայն երբ Կաթողոկոսն ու Վեստ Սարգիս երդում-պատառ կ՚ըլլան, որ հաւատարիմ պիտի մնան թագաւորին, Անին պիտի չյանձնեն յոյներուն, ան կը համոզուի ի վերջոյ:
Գագիկ Բ. կ՚երթայ Պոլիս: Կարճ ատեն մը, կայսրը լաւ ընդունելութիւն ցոյց կու տայ անոր, սակայն ի վերջոյ, անոր առջեւ կը դնէ հօրեղբօր կտակը եւ կը պահանջէ, որ Գագիկ կատարէ անոր կամքը: Պատանի թագաւորը թէեւ իրեն հետ Հայաստանէն հող չէր տարած ոտքին տակ սփռելու՝ կը մերժէ, ուրեմն կ՚աքսորուի կայսրութեան մէկ անկիւնը, ուր տարիներ կ՚ունենայ ողբերգական վախճան մը (մեր հեքիաթին այսօրուան նիւթը չտարածենք այդ դրուագին ուղղութեամբ):
Կաթողիկոսն ու Վեստ Սարգիսը յայտնապէս բանաւոր համաձայնութիւն մը ունէին կայսեր հետ: Հազիւ լսած՝ Գագիկի աքսորուիլը, Անիի 40 բանալիները կը ղրկեն կայսեր, որ շուտով կառավարիչ մը կը նշանակէ Անիին եւ վերջ կու տայ բագրատունիներու թագաւորութեան: Տարին էր 1045:
Յայտնի չէ, թէ Պետրոս կաթողիկոսէն եւ Սարգիս իշխանէն զատ մէկը չկա՞ր, որ քաղաքի պարիսպներու 40 դռներուն կղպանքները փոխէր եւ թոյլ չտար, որ յոյները գրաւեն քաղաքը: Հեքիաթին բնական շարունակութիւնը այն կ՚ըլլայ, որ հայկական ինքնիշխան պետութիւնը վերջ կը գտնէ, յոյները ատեն մը կը պահեն քաղաքն ու շրջանը, յետոյ, սելճուգներու յարձակումներուն առջեւ տեղի տալով, մօտաւորապէս 25 տարի ետք կը պարտուին ու կը քաշուին դէպի արեւմուտք, քաղաքն ու ամբողջ Հայաստանը կ՚իյնայ սելճուգներու տիրապետութեան տակ: Տեղի կ՚ունենան ջարդեր, աւերումներ, հրոյ ճարակ կը դառնան մշակութային դարաւոր գանձեր ու կոթողներ (այդ օրերուն «Պայրաքտար» չկար…): Հայաստան կը ստանայ այնպիսի ծանր հարուածներ ու կը կրէ այնպիսի վնասներ, որ անկարող կը մնայ գլուխը վեր բարձրացնելու մօտաւորապէս… հազար տարի:
Քանի դեռ երկինքէն երեք խընձոր չէ ինկած ընթերցողիս, նշենք, որ մինչեւ Անիի բանալիները վաճառքի հանելը՝ Պետրոս կաթողիկոսն ու Վեստ Սարգիս սիւնեցին բաւական համբաւաւոր մարդիկ էին. անոնք ճանչցուած էին, ինչպէս յիշատակեցինք, իբրեւ իմաստուն, հայրենասէր, բանգէտ եւ բազմաթիւ այլ բարեմասնութիւններով օժտուած առաջնորդող դէմքեր: Անիին վաճառքէն ետք, ո՛չ Պետրոս կաթողիկոսին հրաշագործութիւնը յիշուեցաւ, ո՛չ ալ Սարգիս իշխանին շինարարութիւնն ու թագաւորին հովանաւոր-հոգատար ըլլալը (իսկ Կիրակոս քահանան մնաց անոնց մութ շուքին մէջ, ընդհանրապէս կորսուեցաւ մարդոց յիշողութենէն): Անոնց անուններուն դիմաց արձանագրուեցաւ մէկ բառ. ԴԱՒԱՃԱՆ: Մինչեւ այսօր ալ, այդ կոչումը մնացած է անվիճելի (դաւաճան կոչումին արժանացած Վասակ մը կամ այլ իշխաններ երբեմն կ՚որակուին քաղաքագէտ, դիւանագէտ կամ խուսանաւելու կարողութիւն ունեցողներ): Ո՛չ ոք մտածած է հայրենիք ու հող յանձնողը որակել տարբեր բան, քան դաւաճան:
(Հիմա, սիրելի ընթերցող, եթէ երկինքէն 3 խնձոր իյնայ, որո՞ւն պիտի բաժնենք. վստահ եմ որ դուն ուտելու ախորժակ չունիս):
***
Գագիկ Ա. թագաւորին մահէն ճիշդ հազար տարի ետք, իսկ Անին ծախուելէն ճիշդ 975 տարի ետք, ծանօթ են անունները արցախցի եւ հայաստանաբնակ այն իշխաններուն, որոնք փաստօրէն վաճառեցին Շուշին եւ անոր շրջակայ՝ արցախեան հողամասեր, կը պատրաստուին այլ հողատարածքներ մատաղ ընելու՝ փոխան այսօրուն սելճուքներուն եւ մեր հողերուն հանդէպ ախորժակներ սնուցող այլ անօթիներու, որպէսզի Կիրակոս քահանայէն մնացած գանձերու տիրանան՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ սահմաններու բացումով…
Ս. Մահսերէճեան