«Արմէնփրէս».-«Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման» վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Վահրամ Պաղտասարեան եւ «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեան հանդիպում ունեցած են ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանին հետ: Հանդիպումէն վերջ «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը» Ազգային ժողովին դիմաց ժամը 18:00-ին պիտի կազմակերպեն հանրահաւաք, որուն ընթացքին շարժման ներկայացուցիչները կը ներկայացնեն նախագահին հետ հանդիպումին արդիւնքներն ու շարժման հետագայ քայլերը: