«Արմէնփրէս».- Թուրքիան արձագանգած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Պուտափեշթի մէջ, ուր կը գտնուի աշխատանքային այցելութեամբ, յայտնած է, որ տեղի ունեցածը ռազմական յեղաշրջման փորձ է: «Աշխարհի որ հատուածին մէջ ալ ըլլայ յեղաշրջում, մենք կը դատապարտենք: Մենք վճռականօրէն կը դատապարտենք այդ փորձը (Հայաստանի մէջ): Կարելի է քննադատել, պահանջել կառավարութեան հրաժարականը, բնական է: Ոչ միայն բանակի օգնութեամբ կառավարութեան տապալումը, այլեւ նոյնիսկ անոր կոչը անընդունելի է», ըսած է Չաւուշօղլուն: