Հալէպի ծնունդ եւ ներկայիս Լեհաստան բնակող դոկտ. Արա Սայեղ 1993-ին իր դոկտորականը ստացած է Վրոցլաւ քաղաքի ճարտարագիտական համալսարանի Կենսոլորտի բաժանմունքէն։ Ճարտարագիտական գիտութիւններու դոկտորականը ստանալէն վերջ, ան իր գիտական ասպարէզը սկսած է Հալէպի (Սուրիա) պետական համալսարանի մեքանիքի բաժնին մէջ, ուր 2000 թ. ստացած է ճարտարագիտական գիտութիւններու յետ-դոկտորականի Associated professorի տիտղոսը: Հալէպի համալսարանի գիտական եւ ուսուցչական գործունէութեան կողքին ան երեք շրջան վարած է ուժանիւթի բաժնի տնօրէնութիւնը: 2007-ին Մոնրէալի (Քանատա) École de Technologie Supérieure (ÉTS) ի մէջ հնգամսեայ հետազօտութիւններ իրականացուցած է։ 2012-ի Նոյեմբերէն գիտական իր գործունէութիւնը կը շարունակէ Վրոցլաւի ճարտարագիտական համալսարանի Կենսոլորտի ճարտարագիտութեան բաժնին մէջ: 14 Յունուար 2021 թուին կ’արժանանայ Փրոֆ. Տիտղոսին Լեհաստանի Նախագահի կողմէ։
Փրոֆէսոր Սայեղի գլխաւոր մասնագիտութիւնն է ջերմային ուժանիւթի ասպարէզը, որ առնչուած է ջերմափոխանակումի, վերականգնումի ուժանիւթի աղբիւրներու, ջերմափոխանակիչներու, ջերմային PCM նիւթերու պահեստանոցներու եւ մանաւանդ ջերուցումի smart ցանցերու հարցերը, յատկապէս ապագայի ուժանիւթի smart համակարգերը:
Սուրիոյ մէջ իր հեղինակութեամբ եւ համահեղինակութեամբ հրատարակած է արաբերէնով հինգ գիտական գիրքեր, իսկ Լեհաստանի Գիտութիւններու ակադեմիան 2019-ին իր հեղինակութեամբ անգլերէնով հրատարակած է իր գիտական մենագրութիւնը “Operational Flexibility of heat pumps in smart district heating” վերնագիրով, հեղինակ է նաեւ բազմատասնեակ գիտական հրատարակութիւններու որոնք լոյս տեսած են միջազգային պարբերականներու եւ գիտաժողովներու հրատարակութիւններուն մէջ :
Ներկայիս Լեհաստանի կողմէ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եւրոպական Միութեան կողմէ «Horizon 2020» ձեռնարկութիւններու՝ “iWAYS – Innovative WAter recoverY Solutions through recycling of heat, materials and water across multiple sectors” գիտական ծրագիրին, որ կը գործէ Եւրոպական Միութեան դրամաշնորհի շնորհիւ չորս տարիներու (01.12.2020-30.11.2024) ծրագրով։ Հիմնական նպատակն է բարելաւել ջերմուժի վերականգնումը, նիւթերու եւ ջուրի վերամշակումը ծանր արտադրութեան արհեստագիտութեան մէջ: Դրամաշնորհին ներառուած են 19 գործընկերներ եւրոպական տարբեր երկիրներէ:
Իր ակնյայտ հետազօտական, գիտական եւ կազմակերպչական գործունէութեան համար արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու Վրոցլաւի ճարտարագիտական համալսարանի, ինչպէս նաեւ Հալէպի համալսարանի տնօրէններու կողմէն:
Լեհահայ պատմական մշակոյթի ժառանգութեան, եւ լեհահայ համայնքի իր եռանդուն գործունէութեան համար Լեհաստանի Հանրապետութեան նախագահը Անտժէյ Տուտան 2017 թուին զինք պարգեւատրած է «Ծառայութեան Արծաթէ Խաչ» շքանշանով: