Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը յայտարարած է, որ 27 Փետրուարին, ժամը 15:00-ին, Պաղրամեան պողոտայի մէջ` Ազգային ժողովի շէնքին դիմաց, տեղի պիտի ունենայ Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումին յաջորդ հանրահաւաքը:
Յայտարարութեան մէջ յիշուած է.«Միացէ՛ք: Մեր պայքարը ամէն օր նոր թափ կը հաւաքէ: Ամէն օր մեր պահանջին կը միանան նորանոր քաղաքացիներ, զինուորականներ, մտաւորականներ, կազմակերպութիւններ ու կառոյցներ:
Մեր պահանջը այլընտրանք չունի: Դաւաճան ու ապիկար իշխանութիւնը վաղ թէ ուշ պիտի հեռանայ, եւ մենք պիտի փրկենք ու պիտի վերակառուցենք մեր Հայրենիքը»: