«Արմէնփրէս».-Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները յայտարարութիւն  տարածած են Սումկայիթ քաղաքի մէջ իրականացուած հայերու ջարդերուն 33-րդ տարելիցին առիթով:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն տարածած յայտարարութեան մէջ յիշուած է, որ այդ ջարդերը լիովին կը համապատասխանեն ՄԱԿ-ի 1948թ. «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ պատժելու» համաձայնութեամբ սահմանուած ցեղասպանութեան, մարդկութեան նկատմամբ կատարուած յանցագործութեան իրաւական ձեւակերպումին:

«Սումկայիթեան ջարդերը Խորհրդային Ատրպէյճանի օրուայ իշխանութեան եւ նրանց հովանաւորող ուժերի կողմից պետականօրէն նախապէս ծրագրուած գործողութիւններ էին, որոնց թիրախում այդ քաղաքը կառուցած ազգութեամբ հայ բնակիչներն էին: Այդ ամէնին ուղեկցում էր անասելի դաժանութիւնն ու բռնութիւնը, թալանն ու կողոպուտը: Ազգային եւ կրօնական անհանդուրժողականութեան հողի վրայ սկիզբ առած բռնարարքները համարժէք գնահատական չստացան Խորհրդային Միութեան քաղաքական ղեկավարութեան եւ միջազգային համապատասխան կառոյցների կողմից, որի պատճառով ջարդերն ու բռնի տեղահանումները դարձան գործելաոճ Ատրպէյճանի վարչախմբի համար, եւ հետագայ ամիսներին նոր արհաւիրքի զոհ դարձաւ Պաքուի, Գանձակի, Կուրի ձախափնեակի  բնակչութիւնը: Շուրջ կէս միլիոն հայութիւն Ատրպէյճանից բռնատեղահանուեց, իսկ Հիւսիսային Արցախի բնիկ հայութիւնը զրկուեց հայրենիքից»:

Յայտարարութեան մէջ նշւում է, որ Սումկայիթեան եղեռնագործութիւնը Ատրպէյճանի իշխանութիւնների պատասխանն էր 1988թ Փետրուարին արցախահայութեան` իր  ազատութեան եւ ինքնորոշման համար սկսած պայքարին:

«Յարգանքի տուրք մատուցելով սումկայիթեան եղեռնագործութեան եւ Ատրպէյճանի ագրեսիայի (յարձակումի«Գ.») զոհ դարձած հազարաւոր մեր հայրենակիցների յիշատակին, դատապարտելով խտրականութեան, անհանդուրժողականութեան եւ այլատեացութեան  ցանկացած դրսեւորում` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի  խմբակցութիւնները»:

Կոչ ուղղած են միջազգային հանրութեան, մարդու հիմնարար իրաւունքներն ու ազատութիւնները յարգող  երկիրներուն ու կազմակերպութիւններուն` ճանչնալու ու դատապարտելու սումկայիթեան ցեղասպանութիւնը եւ Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութիւնը: