«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան անդրադարձած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Դէպքերը որակելով «յեղաշրջման փորձ»` Թուրքիոյ նախագահը ըսած է.

«Այս պահուն Հայաստանի մէջ յեղաշրջման փորձ է… Գիտէք, որ մենք դէմ ենք յեղաշրջման բոլոր տեսակներուն: Պէտք է բացէ ի բաց  ըսեմ, որ անընդունելի է, զինուորականներու միջամտութեամբ յեղաշրջման աղմուկ-աղաղակ բարձրացնելը: Եթէ իշխանութեան փոփոխութիւն ըլլայ,  Հայաստանի ժողովուրդը պէտք է ընէ այդ փոփոխութիւնը: Սակայն երբ հարցը կը հասնի յեղաշրջումին, մեր կարծիքը տարբեր է»:

Յիշենք, որ Էրտողանէն առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն անդրադարձած էին Թուրքիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը, արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» (ԱԶԿ-AKP) կուսակցութեան մամուլի խօսնակ Օմեր Չելիքը, Էրտողանի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժինի ղեկավար Ֆահրեթթին Ալթունը, քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը: