«Արմէնփրէս».-Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կրկին Հանրապետութեան նախագահին պիտի  ուղարկէ ԳՇ պետ Օննիկ Գասպարեանին պաշտօնանկ ընելու միջնորդութիւնը: Վարչապետը յայտնած է իր դիմատետրի էջով.

«Ես սահմանուած կարգով ԳՇ պետին պաշտօնանկ ընելու միջնորդութիւնը կրկին կ’ուղարկեմ Հանրապետութեան նախագահին` ակնկալելով, որ սահմանուած կարգով պիտի ստորագրուի»:

«Հանրապետութեան նախագահը որոշեց ՀՀ ԶՈՒ Գլխաւոր շտապի պետը պաշտօնանկ ընելու հրամանագիրի նախագիծը առարկութիւններով ետ ուղարկել վարչապետի աշխատակազմ: Այս որոշումը ամենեւին չի նպաստեր ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծման», յայտնած է Փաշինեան: