«Ապառաժ».-ՀՀ ԶՈՒ Գլխաւոր շտապը 1 Մարտին տարածած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«Զինեալ Ուժերու ղեկավար կազմը կրկին կը հաստատէ ստեղծուած իրավիճակին  մասին իր արժեւորումները  եւ շեշտած, որ, անկախ Զինեալ ուժերը քաղաքական գործընթացներուն մէջ ներքաշելու փորձերէն, կը մնայ անդրդուելի, կշռադատուած եւ հաստատակամ:

Զինեալ Ուժերը, կազմուած ըլլալով մեր ժողովուրդի զաւակներէն եւ կանխազգալով ազգային անվտանգութեան սպառնալիքները, անթոյլատրելի կը համարէ եւ կը յորդորէ դադրեցնել Զինեալ ուժերուն եւ առանձին պաշտօնատար անձերու ուղղուած անհիմն մեղադրանքները:

Առկայ իրավիճակը կը փաստէ, որ Զինեալ ուժերը կ’առաջնորդուի բացառապէս պետական շահով եւ կը ծառայէ միայն ու միայն իր ժողովուրդին` ղեկավարուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմադրութեան եւ իրաւունքի ձեւաչափերով»: