Երկուշաբթի, 1 Մարտ 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ԱՄՆ-ի ուժերը Հասիչէի Մալքիէ արուարձանէն ցորենով բեռնաւորուած շուրջ 45 փոխադրակառքեր դուրս բերին դէպի իրաքեան հողեր՝ «Ալ Ուալիտ» ապօրինի միջանցքէն։ ԱՄՆ-ի ուժերը յիշեալ միջանցքը յաճախ կ՚օգտագործեն սուրիական հանքային հարստութիւնները կամ գիւղատնտեսական արտադրութիւնները երկրէն դուրս հանելու համար։