Երկուշաբթի, 2 Մարտ 2021-ին, Սուրիոյ Խորհրդարանը իր երկրորդ նստաշրջանի 17-րդ նիստը գումարեց Համմուտա Սապպաղի նախագահութեամբ։ Խորհրդարանի 2007-ի 26 թուակիր օրէնսդրական հրամանագիրին փոխարէն քաղաքացիական կարգավիճակի վերաբերող նոր օրինագիծ մը սահմանուեցաւ։ Օրինագիծը կը բաղկանայ 79 յօդուածներէ, որոնք ամբողջութեամբ կը վերաբերին քաղաքային արձանագրութիւններու, ինչպէս ծնունդի, ամոսնութեան, ամուսնալուծումի, մահուան, անձնաթուղթերու, ընտանեկան տետրակի, տուգանքներու եւ այլն։ 54-րդ յօդուածին համաձայն, սուրիական անձնաթուղթը ի զօրու կը մնայ հրատարակուած թուականէն մինչեւ 10 տարի։ Դիմորդները պարտին ներկայանալ քաղաքային հարցերու տնօրէնութեան նախքան ճշդուած ժամանակամիջոցի աւարտը։