“Երկիր Մետիա”._Ներքին Գործոց Նախարարութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան փրկարարական ջոկատները 2 Մարտին զոհուած զինուորական ծառայողներու աճիւններուն եւ անհետ կորած զինուորական ծառայողներու որոնողական աշխատանքները վերսկսած են 4 ջոկատով՝ Հադրութի շրջանի, Վարանդայի(Ֆիզուլի) եւ Ջրականի(Ճիպրայիլ) ուղղութիւններով: Յիշենք, որ 15 Փետրուարին որոնումները դադրած էին ատրպէյճանական կողմին պահանջքով: Զինադադարէն վերջ՝ 13 Նոյեմբեր 2020_էն առ այսօր որոնումներու հետեւանքով յայտնաբերուած են 1485 զոհուած զինուորական ծառայողի (ռազմական գործողութիւններու մասնակից) եւ քաղաքացիական անձերու աճիւններ: