“Ապառաժ”._ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան եւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Վահագն Խաչատրեան 2 Մարտին, հանդիպումներ ունեցած են Ստեփանակերտի մէջ գործող Մեսրոպ Մաշտոց Համալսարանի ղեկավար Դ.Ս.Գաբրիէլեանին եւ Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի հասարակայնութեան եւ լրատուութեան բաժինի պատասխանատու Սոնա Համբարձումեանին, ՈՒԽ նախագահ Նորա Աղապապեանին եւ տեղակալ Նարինէ Առուշանեանին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին եւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան կողմէն նախատեսուող Արցախի երիտասարդութեան կարողականութեան եւ հմտութիւններու զարգացման դասընթացքներուն ուսանողներ ներգրաւելու հարցը եւ ծրագիրին առնչութեամբ հետագայ գործակցութեան շուրջ համաձայնած են։