Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեանի դիտարկումով, բնական երկիրը այն է, երբ ղեկավարը առանց թիկնապահներու ազատօրէն կը շրջի փողոցներուն մէջ: «Ի՞նչ երկիր, երբ ինք փամփշտարգել պիտի հագնի, կողքը հազար հոգի պիտի ըլլայ, դեռ ռումբերն ալ այլ հարց: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ իշխանութիւն չունի, որովհետեւ ղեկավարի իշխանութիւնը ժողովուրդն է: Եթէ ինք ժողովուրդէն կը վախնայ, ի՞նչ իշխանութիւն է», ըսած է Մանուկեան: Աւելցնենք, որ իշխանութիւնը Ազգային Ժողովի ( այսուհետեւ՝ ԱԺ) դարպասները փակած է, իսկ Աժ-ին մէջ տեղադրուած են լուսաձայնային նռնակներ: «Հայրենիքի Փրկութեան շարժում»ի ղեկավարներուն ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ հանդիպումին ակնարկելով, Վազգէն Մանուկեան ըսած է, որ նախագահը մինչեւ Չորեքշաբթի երեկոյեան ժամը 18:00-ն ժամանակ ունի որոշում գոյացնելու: «Մենք փաստարկներ բերինք, որոնց համաձայն, նախագահը պէտք է գործը ղրկէ Սահմանադրական Դատարան: Բայց որոշողը ինք է: Ես կը կարծեմ, որ փաստարկները շատ վաւերական էին եւ պիտի ազդէին իր վրայ: Ես համոզուած եմ, որ նախագահը ճիշդ որոշում կ’ընդունի: Բայց սպասենք եւ տեսնենք, մնացած երկու ժամ», շեշտած է ընդդիմադիր գործիչը: Վազգէն Մանուկեանը աւելցնելով ըսած է, որ բանակը անօրինական հրամանի չ՛ենթարկուիր: Այսինքն, չի կրնար ըլլալ, որ հրաման արձակուի Օնիկ Գասպարեանը պաշտօնազուրկ դարձնելու, իսկ ան հլու-հնազանդ դուրս ելլէ : «Այդպիսի բան չի կրնար ըլլալ: Բանակը պիտի մնայ կանգուն իր ժողովուրդին կողքը: Բայց լաւ կ՛ըլլար, որ նախագահի հրամանագիր ըլլայ կամ որոշումը համապատասխանէր իրավիճակին», ընդգծած է ան: