Չո­րեք­շաբ­թի, 3 Մարտ 2021-ին, ՍԱ­ՆԱ հա­ղոր­դեց, որ Սուր­իոյ կա­ռա­վա­րու­թիւնը իր հեր­թա­կան նիս­տին ըն­թաց­քին լու­սար­ձա­կի տակ առաւ երկ­րի տն­տե­սու­թեան առն­չուող էա­կան հար­ցեր: Կա­ռա­վա­րու­թիւնը կա­րե­ւոր հա­մա­րեց  սերտ­ուած եղա­նակ­նե­րով զօ­րա­վիգ կանգ­նիլ տն­տե­սու­թեան հե­տեւ­եալ ոլորտ­նե­րուն՝ ար­տադ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի զար­գաց­ման, մի­ջին ու փոքր տն­տե­սա­կան եւ ներդ­րու­մա­յին ծրա­գիր­նե­րուն, ինչ­պէս նա­եւ ար­տա­ծու­մի ծա­ւալ­նե­րու կրկ­նա­պատ­կու­մին։ Կա­ռա­վա­րու­թիւնը շեշ­տեց քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն  ծա­ռա­յո­ղա­կան կա­րիք­նե­րուն  ար­դար բաշխ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւնը, ինչ­պէս նա­եւ պեն­զի­նի կա­յան­նե­րուն, փու­ռե­րուն եւ  առեւտ­րա­կան կեդ­րոն­նե­րուն դի­մաց խճո­ղու­մի փա­րա­տու­մին նպաս­տող քայ­լե­րու որ­դեգ­րու­մը: Լայ­նօ­րէն քնն­ուե­ցաւ նա­եւ շու­կա­նե­րու հս­կո­ղու­թեան մե­քա­նիզմ­նե­րու կի­րարկ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւնը՝ սնն­դամ­թեր­քի գի­նե­րու կա­մա­յա­կան բար­ձրա­ցու­մը կան­խե­լու հա­մար։
Վար­չա­պետ Ար­նուս Տն­տե­սու­թեան­ Նա­խա­րա­րու­թեան գոր­ծա­դիր յանձ­նա­խում­բե­րէն պա­հան­ջեց ամէն ջանք ի գործ դնել քա­ղա­քա­ցի­նե­րու կեն­ցա­ղա­յին եւ ծա­ռա­յո­ղա­կան կա­րիք­նե­րու ապա­հո­վու­մը դիւ­րաց­նե­լու, ինչ­պէս նա­եւ օգ­տա­գոր­ծել ամէն մի­ջոց՝ բա­րե­լա­ւե­լու Սուր­իոյ պար­տադր­ուած տն­տե­սա­կան պա­տիժ­նե­րուն հե­տե­ւան­քով ծան­րա­ցած քա­ղա­քացի­ին կա­ցու­թիւնը:
Նիս­տի աւար­տին, կա­ռա­վա­րու­թիւնը իր հա­մա­ձայ­նու­թիւնը տուաւ կըն­քե­լու  Հա­լէ­պի «Շէյխ Նաճ­ճար» ար­դիւ­նա­բե­րա­կան քա­ղա­քին մէջ նոր ելեկտ­րա­կա­յա­նի մը հաս­տատ­ման  պայ­մա­նագ­րու­թիւնը եւ գոր­ծի դնե­լու զայն: Իսկ Սուր­իոյ նա­հանգ­նե­րու անհ­րա­ժեշտ կա­րիք­նե­րուն ապա­հով­ման  հա­մար, կա­ռա­վա­րու­թիւնը որո­շեց իւ­րա­քան­չիւր նա­հան­գի յատ­կաց­նել 10 միլ­ի­առ ս.ո.։