Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ Հինգշաբթի, 25 Փետրուարին արձանագրուեցաւ զգայացունց իրադարձութիւն մը, որ աննախընթաց էր ո՛չ միայն 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրէն ասդին, այլ նաեւ նոյնինքն վերանկախացած մեր հայրենիքի պատմութեան մէջ: Բանակի սպայակոյտը պաշտօնական յայտարարութեամբ մը միացաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող շարժումին, միաժամանակ իշխանութիւնը զգուշացնելով դիմելէ վտանգաւոր  քայլերու: Բանակին քայլը առնուազն երեք ամիս ուշացած է, բայց «աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք»:
Բարձրաստիճան զինուորականներու՝ սպայակոյտի պետին ու անդամներու ստորագրութեամբ լոյս տեսած պահանջը նոր տարածք կու տայ ժողովրդային այն շարժումին, որ պայթեցաւ 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրին դէմ, 10 Նոյեմբերին: Վարչապետը բանակայիններու յայտարարութեան մէջ տեսաւ յեղաշրջումի փորձ, զգուշացուց բանակը, որ չմտնէ քաղաքական դաշտ, հնչեցուց իմաստազրկուած այն յանկերգը, թէ «զինք իշխանութեան հասցնողը ժողովուրդն է, միայն ժողովուրդը իրաւունք ունի զինք հեռացնելու», ապա նաեւ նախագահ Արմէն Սարգսեանի սեղանին դրաւ բանակի հրամանատարին պաշտօնազրկման հրամանագիրը, որուն ճակատագիրը վճռուեցաւ  3 օրէն: Հանրապետութեան նախագահը անգամ մը եւս կանգնեցաւ ճշմարտութեան պատին առջեւ…
Նորագոյն զարգացումը աստիճան մը աւելի՛ բացայայտ դարձուց իրականութենէն կտրուած ըլլալու իշխանութեան պետին ու գործակիցներուն կացութիւնը: (Լրատու կարգ մը աղբիւրներէ սփռուած տեսերիզներ ցոյց տուին «իմ քայլական»ներու՝ շփոթի ու ահազանգի մատնուած ըլլալը): Փաստօրէն, անոնք չեն ուզեր ժողովրդային պահանջ տեսնել այն կոչերուն մէջ, որոնք ահա ամիսներէ ի վեր իրարու կը յաջորդեն ամէն օր, սկսելով երկու կաթողիկոսներէն, հանրապետութեան նախագահէն, անցնելով բազում կուսակցութիւններէ (ներառեալ խորհրդարանական երկու ընդդիմադիրներէն – ուրիշը չկայ), կազմակերպութիւններէ, մտաւորականներէ, դասախօսներէ, ուսանողներէ, իրաւաբաններէ, նախկին զինուորականներէ, պետական կառոյցներու մէջ ծառայողներէ եւ այլ արհեստավարժներէ, հասնելու համար ժողովրդային լայն զանգուածներու, ներառեալ բանակայիններու եւ գերի մնացողներու ծնողներ: Արդեօք այս բոլորը ժողովուրդ չե՞ն, դաժան իրականութիւնները տեսնողներ չե՞ն, որոնց ահաւասիկ կը միանայ նաեւ բանակի հրամանատարութիւնը, նմանապէս իբրեւ մէկ մասնիկը ԺՈՂՈՎՈՒՐԴին:
Ճիշդ է, վարչապետին կողքին Հինգշաբթի օր հրապարակի վրայ էին բազմահազար համակիրներ, որոնց առջեւ Փաշինեան յայտարարեց, թէ թաւիշը վերջ պիտի գտնէ. սա դուռ բացաւ հակասական մեկնաբանութիւններու, ոմանք այդ յայտարարութեան մէջ տեսան… ժողովուրդի խմբաւորումներուն միջեւ բախումներու նոր ազդանշան մը, ուրիշներ նկատեցին, որ Փաշինեան, յեղաշրջումի փորձի ակնարկութեամբ՝ կը չափազանցէ դարձեալ, որովհետեւ եթէ բանակը յեղաշրջում պիտի կատարէր, նման յայտարարութեան կ՚ընկերացնէր համապատասխան գործնական քայլեր: (Չենք ուզեր այստեղ ցանկագրել բոլոր մեկնաբանութիւնները):
Մէկ բան յստակ է, պէտք է յստակ ըլլայ հակադիր երկու հոսանքներուն. երկիրը ՊԷՏՔ Է ԶԵՐԾ ՊԱՀՈՒԻ ՆԵՐՔԻՆ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԷ (Մարտը կը մօտենայ…): Բանակին զգուշացման կոչը առաւելաբար ուղղուած է իշխանական կողմին, որուն մէկ բանբերը քանի մը օր առաջ սպառնալիք ուղղեց «պետական հաստատութիւնները կրակելով պաշտպանելու», մինչդեռ աւելի քան 3 ամիսէ ի վեր բացայայտ է, որ ընդդիմադիր ճակատը որոշած է ԽԱՂԱՂ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՎ հետապնդել վարչապետին ու իր ձախողած խմբակին հեռացումը, իշխանափոխութեան իրականացումը, հակառակ պետութեան կամքին ենթակայ ուժական կառոյցներու գործադրած բռնարարքներուն: (Մարդիկ հաւանաբար չեն մոռցած նոյնինքն Փաշինեանի այն սպառնալիքը, որ արձակուեցաւ պատերազմի դադրեցումէն քանի մը օր ետք, երբ սահմանները պաշտպանողները հրաւիրեց Երեւան գալու եւ դաս տալու իր ձախաւերութիւնները դատապարտող ցուցարարներուն):
***
Բանակի հրամանատարութեան յայտարարութիւնը բացայայտօրէն խմբագրուած է ընտրեալ բառերով եւ ենթաբաժիններով: Նախ կը նշուի, որ իշխանութեան բազմապիսի ապիկարութիւնները դանակը հասցուցած են ոսկորին: Եթէ ընդվզումի անմիջական պատճառը՝ փոխ հրամանատարի մը անտեղի եւ չհիմնաւորուած պաշտօնա-զրկումն է, յայտնի է, որ անիկա վերջին կաթիլն է, որ կը յորդեցնէ բաժակը։ Բանակը դժգոհ է, որ արցախեան վերջին պատերազմին, նաեւ անկէ ետք, Փաշինեան եւ իր խմբակիցները բանիւ եւ գործով վարկաբեկած են ու խորտակած՝ բանակը, անհիմն վերագրումներ կատարած են անոր հասցէին: Ընկերացող մեկնաբանութիւնները անդրադարձան նաեւ երեք օր առաջ Փաշինեանի «տղայական» յայտարարութեան, ուր ռուսական «Իսքանտէր» տիպի հրթիռները կ՚արժեզրկէր, եւ որուն բուռն կերպով հակադարձեցին մէկէ աւելի ռուս բանբերներ (չենք անտեսեր հայկական ճակատէն հնչածները), առանց բառերը գործածելու ըսելով, որ վարչապետը կը ստէ, զինական հարցերու մէջ համբակ է, իսկ Հինգշաբթի օր, այլ բանբերի մը ակնարկութիւնը, թէ՝ «վարչապետը կրնայ սխալ տեղեկութիւններով առաջնորդուած ըլլալ»՝ ոչինչ կը փոխէ Փաշինեան արձակած փամփուշտէն: Յամենայնդէպս, բանակի հաղորդագրութիւնը ո՛չ մէկ ձեւով ակնարկութիւն կ՚ընէր այդ հարցին, աւելին՝ վարչապետին յայտարարութեան իբրեւ պատասխան երկրորդ յայտարարութեամբ մը՝ բանակայինները կը հաստատէին, թէ իրենց քայլը որեւէ կողմէ չէ ուղղորդուած:
Կարելի է երկար սիւնակներ արձանագրել, թէ բանակի հրամանատարներուն յայտարարութիւնը ինչպիսի ցնցում ստեղծեց ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ շրջանին ու միջազգային բեմին վրայ: Սա դարձաւ միջազգային լրատու աղբիւրներու առաջնահերթութիւններէն մէկը: Խաղաղութեան, ինքնազսպումի եւ հարցերը քաղաքական խաղաղ միջոցներով լուծելու կոչերը իրարու արձագանգեցին Էջմիածինէն մինչեւ Մոսկուա, Եւրոպա եւ ովկիանոսներէն անդին: Դէտերու ուշադրութենէն չվրիպեցաւ այն, որ բանակայիններուն շարժումը դատապարտանք գտաւ, Փաշինեանի կողքին՝ միայն… Թուրքիոյ կողմէ, սակայն սա պէտք է դիտել հայկական խռովեալ կեանքը աւելի եւս ծանրացնելու թրքական վաղեմի վարքագիծին ծիրին մէջ, ինչպէս որ Մոսկուայէն հնչած կոչերը, «օրինական իշխանութեան կողքին կանգնելու» կեցուածքին կողքին, արձանագրեցին այլ կէտ մը, թէ՝ «եղածը ներքին հարց է»…: Եւ ո՞վ կ՚ըսէ, թէ միջազգային ընտանիքը վաղը պիտի շարունակէ Փաշինեանի օրինականութեան պաշտպանը մնալ, եթէ իշխանափոխութիւնը իրականանայ ըստ օրինի եւ ընկալեալ կարգ ու սարքին: Նոյն միջազգային ընտանիքը չէ՞ր, որ գործակցութեան նոր էջ բացաւ Սարգսեանը փոխարինած Փաշինեանին հետ…
10 Նոյեմբերէն ասդին, առաջին անգամ ըլլալով է որ Հայաստան-Արցախ բեմին վրայ զարգացում մը միջազգային բեմին վրայ ա՛յսքան լայն արձագանգի եւ մտահոգութիւններու դուռ կը բանայ. սա արդէն ցուցանիշ մըն է թէ յայտարարութիւնը պէտք է որքա՛ն լուրջ ընկալել, կաշկանդուած չմնալ վարչապետին ամբոխահաճ արտայայտութիւններով:
***
Եթէ մինչեւ իսկ վարչապետին մտավախութիւնը ճիշդ է, այսինքն, բանակը յեղաշրջումի կրնայ դիմել, անոր մէջ ո՛չ աննախընթաց բան կայ, ոչ ալ, ըստ էութեան, հակաօրինական ընթացք: Ի վերջոյ, բանակը արտերկրային չէ, ժողովուրդին մաս կը կազմէ, իսկ ժողովուրդը քաղաքական էութիւն է, չի կրնար ինքզինք բոլորովին խզուած նկատել քաղաքական կեանքէն, անկախ անկէ, թէ բանակը քաղաքային ղեկավարութեան ենթակայ ուժ է, պէտք է ըլլայ բնական պայմաններու մէջ: Երբ երկիրէն մաս մը կը կորսնցնես ու մնացածն ալ վտանգի մատնուած կը նկատես, այլեւս սնամէջ ու ժամանցուած կը հնչեն քիչ մը աւելի մտածելու, տարբեր մօտեցումով հարցերը դիտելու խրատները:
Փաստօրէն, նոյնինքն Փաշինեան եւ իր համակիրները մօտաւորապէս երեք տարի առաջ նմանօրինակ շարժումով մը՝ խաղաղ յեղափոխութեամբ մը հասան իշխանութեան, ոգեւորող խոստումներով եւ ծրագիրներով համակրանք ստեղծեցին: Եթէ յաջորդ տարիներուն ստեղծուած վերապահութիւնները տեղ մը վիճելի էին, 27 Սեպտեմբերին պայթած պատերազմին վախճանը, 44 օր խաբէութեամբ առաջնորդուած ազգը հասցուց պատրանաթափութեան: Բանակին յայտարարութիւնը ո՛չ միայն զգաստութեան կոչ է, այլ նաեւ՝ խաբէութեամբ, զրպարտութիւններով չառաջնորդուելու պահանջ, աւելի՛ն՝ ուշացած ահազանգ մը, որուն իմաստն է՝ «ա՛լ կը բաւէ» (ուրիշներ շատոնց ըսած են այս «կը բաւէ»ն, բանակը նոր շեշտ մը կը դնէ):
Բոլորիս ծանօթ ողբերգութիւններէն եւ իրերայաջորդ անկումներէն ետք, եթէ բանակը մինչեւ իսկ պետական յեղաշրջումի քայլին դիմէ, վա՞տ բան ըրած կ՚ըլլայ: Մեր աշխարհին մէջ առաջին անգա՞մն է, որ բանակ մը նման քայլի մասին մտածած է կամ կը մտածէ: Ծանօթ չե՞նք բանակայիններու այնպիսի շարժումներու, որոնք որքան ալ որ հակաժողովրդավարական եղած ըլլան, ճամբայ ելած են հայրենասիրական տրամադրութեամբ, հայրենիքի ու ժողովուրդի շահերը, ապահովութիւնն ու երկրին անվտանգութիւնը պահպանելու նախանձախնդրութեամբ: Չէ՞ պատահած, որ բանակայիններ պահ մը ձեռք առնեն երկրի մը ղեկը, ԱՌԿԱԽԵՆ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ, ճամբայ պատրաստեն խորհրդարանական ընտրութիւններու եւ գիծէն ելած շոգեկառքը ետ իր ուղիին վերադարձնեն…:
Այս տողերուն մէջ թող ո՛չ ոք տեսնէ զինուորական յեղաշրջումի ընտրանքին ջատագովութիւն, սակայն երբ մէկը կը տեսնէ, թէ 10 Նոյեմբերի անփառունակ համաձայնագիրէն ամիսներ ետք ալ, երկիրը կը շարունակէ գահավէժ ընթացքը, երբ գերիներու հարցին պէս տարրական հրամայականներ յայտնապէս թողուած են անյոյս վիճակի մէջ, երբ հայրենիքը գործնապէս առեւանգուած կը մնայ անատակ խմբակի մը կողմէ, մարդ իրաւունք կ՚ունենայ մտածելու, թէ «հարկը կը լուծէ օրէնքը»:
***
Բանակին այս նախաձեռնութիւնը պիտի վիժի՞, թէ անոր պիտի միանան նաեւ ուժային այլ կառոյցներ՝ ոստիկանութիւնն ու ապահովութեան սպասարկութիւններ, բայց մանաւանդ իրենք զիրենք վարչապետին ուսապարկի վիճակէն փրկող «իմ քայլական»ներ: Կը մնայ, որ անոնք ալ իրենց աչքերը բանան բանակայիններուն պէս եւ տեսնեն, որ իրենց պարտականութիւնը հայրենիքին ու ժողովուրդին ծառայելն է, անոնց պաշտպանութեան հոգացումը, եւ ո՛չ թէ, օրինակ, արդար ընդվզումով հրապարակ ելած ցուցարարներ «ասֆալթին փռել»ն ու զանգուածաբար ձերբակալելը, ընդդիմադիր ղեկավարները ձերբակալելը (եւ յետոյ, դատարանին կողմէ ձերբակալման քայլին անհիմն ըլլալը փաստուած տեսնելը):
…Երբ այս տողերը կ՚արձանագրենք, վստահ չենք, թէ մինչեւ անոնց լոյս ընծայուիլը՝ Փաշինեան մնացած պիտի ըլլայ իշխանութեան ղեկին: Ան Հինգշաթի օր, իր համակիրներուն ներկայութեան կարծէք թէ կ՚արձակէր իր վերջին փամփուշտները: Եթէ ընթերցողս չէ մոռցած, ան մօտաւորապէս երեք տարի առաջ, ապրիլեան օր մը, պատկերասփիւռի ոսպնեակներուն առջեւ հանդիպումի ներկայացաւ վարչապետացած Սերժ Սարգսեանի հետ, պահանջեց անոր հրաժարականը, Սարգսեան արհամարհանքով լքեց հանդիպումը, սակայն 24 ժամ ետք հրաժարեցաւ, որպէսզի ԵՐԿԻՐԸ ՉԻՅՆԱՅ ՆԵՐՔԻՆ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ՈԼՈՐԱՊՏՈՅՏԻՆ մէջ:
Փաշինեան պիտի ունենա՞յ իր այնքա՜ն քննադատած հակառակորդներուն քաղաքական զգայնութիւնը, վերջ տալու համար մեր հայրենիքին դէպի անկում ընթացքին, իրեն հետ տանելով նաեւ իբրեւ խաղաղարար-հաշտարար միջնորդ հրապարակ նետուող Արայիկ Յարութիւնեանն ու այլ ձախողածներ, պարտութեան խորհրդանիշները:
Ո՛չ ոքի համար ուրախութեան աղբիւր է, բնականաբար, որ ծանօթ դրօշակներով իշխանութեան հասած խմբակ մը կը հասնի այսպիսի անփառունակ վախճանի: Ափսոսանքը աւելի՛ գերակշռող է: Նոյնքան եւ աւելի՛ կարեւոր է զգալ, անդրադառնալ եւ տեսնել, որ Փաշինեանի մը մեկնումը հարցերու փակում չէ, այլ պէտք է վերածուի մեկնակէտը՝ Հայաստանի վերականգնումին, բանակին վերակերտման ու հզօրացման, լեռնացած բազմերես հարցերու լուծման, ամէնէն կարեւորը՝ ո՛չ վերադարձ ԱՆՑԵԱԼին, իր 44-օրեայ պատերազմի թէ նախա-2018-եան փուլերով:
Հայրենիքը այսօր կը կարօտի ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ու ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ: Հայրենիքը այսօր պէտք ունի թօթափելու բաժանուածութիւնը եւ ներքին հակադրութիւնները: Ազգն ու հայրենիքը այսօր պէտք ունին ո՛չ միայն 44 օրերու պատերազմին հետեւանքներուն դարմանումին, այլ քաղաքական մտածողութեան հիմնական վերափոխութեան եւ ԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՄԲՈՒ ՆՈՐ ՔԱՐՏԷԶԻ մը կազմաւորման, որ հիմնաքար ու նպատակակէտ ունենայ հայուն ու իր հայրենիքին ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆԱՑՈՒՄԸ, ամբողջական վերականգնումը (սա արդէն քննարկումի այլ մակարդակ կը պահանջէ):
Ս. Մահսերէճեան