Ընդհանրապէս  բերկրանքով կը թողում մշակութային մեր ձեռնարկները հրամցնող սրահները, քանի որ քաջ գիտեմ թէ ինչպիսի՛ զոհողութիւններով ու նուիրումով կը գործեն մշակութային մեր միութիւնները:
Այս անգամ ալ նոյն տրամադրութեամբ լքեցի «Գ. Եսայեան» սրահը, վայելելէ ետք Համազգայինի «Ն.Աղբալեան» Մասնաճիւղի «Շուշի» պարախումբին ելոյթը:
Մտածեցի, սակայն, արձանագրել քանի մը նկատողութիւն՝ կատարելութեան հասնելու նախանձախնդիր ըլլալուս ու մշակոյթի պանծացման նուիրուած մեր երիտասարդներուն հաւատք ընծայելուս համար:
Երկար բացակայութենէ ետք, ելոյթ պիտի ունենար Համազգայինի «Շուշի» պարախումբը: Անհամբերութեամբ կը սպասէի բեմի վարագոյրին բացուելուն:
Ժամը 7:00-ին սրահը գրեթէ լեցուն էր հանդիսատեսներով: Խոստացուած ժամէն կէս ժամ ուշ բեմին վարագոյրը բացուեցաւ, որովհետեւ շատ մը հանդիսատեսներ «հայկական ժամադրութիւն»ը յարգելով պէտք էր անպայման ուշանային:
Սուրիոյ եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն զոյգ քայլերգները հնչեցին հանդիսատեսներու սրահ մտնել-ելլելու եւ տեղաւորուելու աղմուկին հետ զուգահեռաբար:  Քայլերգին լուռ պէտք էր հետեւիլ, որմէ անմիջապէս ետք պէտք էր յոտնկայս յարգել նահատակներուն յիշատակը, այդ մէկն ալ յետաձգուած էր ելոյթի կիսուն, նահատակներու նուիրուած պարէ մը առաջ: Միթէ յարգանքը պէտք չէ՞ մատուցել սկսելէ առաջ:
Ողջունելի էր այն երեւոյթը, որ բացման խօսքերը վստահուած էին երիտասարդ տարրերու: Կարեւոր է քաջալերանքը, սակայն նախքան իրենց ելոյթը նոյնքան կարեւոր է հետեւիլ անոնց առոգանութեան, շեշտերուն, լեզուական անթերիութեան, այսպէս աւելի կատարեալ կ՚ըլլայ արտասանուած իւրաքանչիւր խօսք՝ հայերէն թէ արաբերէն:
Ներկաներուն մեծամասնութիւնը նստած էր առանց դնչակապի, կարեւորութիւն չ՚նծայելով COVID19-ի համաճարակէն նախազգուշանալու թելադրանքներուն: Մեր հանդիսատեսները թուագրուած տոմսերուն ալ կարեւորութիւն չէին տուած ու առանց իրարու միջեւ պարապութիւն ձգելու՝ կողք-կողք նստած:
Ելոյթի ընթացքին յաճախ կը լըսուէին մանուկներու կանչեր, խանգարիչ կանչեր: Ժողովուրդը ընդունող երիտասարդներուն աշխատանքը կազմակերպուած եւ բացառիկ էր: Ելոյթը գունաւորուած էր մշակութային խճանկարովը զանազան ազգերու: «Շուշի»ի անդամները ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծեցին: Բեմայարդարումն ու լուսաւորումն ալ պայծառացուցած էին բեմը: Բեմավարը ջանք չէր խնայած ներկայացնելու ամենալաւը՝ իրազեկ դարձնելու հանդիսատեսը իւրաքանչիւր պարի ծնունդ տուած ժողովուրդին, անոր մշակոյթին եւ այլն:
Հալէպահայ գաղութը միշտ եղած է հայ մշակոյթը պահող եւ քաջալերող գաղութ: Տնտեսական այս ծանր պայմաններուն մէջ գնահատելի էր զանազան միութիւններու եւ անհատներու նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը՝ հայ մշակոյթը վառ պահելու եւ Համազգայինը տեւաբար պատնէշի վրայ տեսնելու համար:
Յաջողութիւն եւ բարի երթ կը մաղթեմ Համազգայինի մեծ ընտանիքին:
Թող նման միութիւններ միշտ առոյգ մնան եւ մեզի ներկայացնեն մեր հարուստ մշակոյթէն պատառիկներ:
Կեցցէ՛ք, սիրելի՛ համազգայնականներ:
Սագօ