«Անմահութեա՛ն աղբիւր, ապաշխարութեան արցունքներ հոսեցո՛ւր սրտէս, ինչպէս պոռնիկին սրտէն հոսեցուցիր, որպէսզի այս աշխարհէն դեռ չելած՝ լուամ իմ մեղքերս. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս»։
Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով Խոստովանիմ»էն առնուած այս տողերը, Անմահութեան աղբիւրին՝ Քրիստոսի ուղղուած եւ Սուրբ հայրապետին սրտի խորքերէն ելած պաղատանքն է դէպի երկինք, զոր այսօր որպէս աղօթք երկինք կը վերառաքենք։
Ս. Եկեղեցւոյ հայրերը հակառակ իրենց ունեցած սրբակենցաղ կեանքին ու մաքուր հոգիին, կեանքի սկզբունք դարձուցած էին իրենց կեանքը ապաշխարութեան արցունքներով ջրել՝ կեանքի պտուղով պտղաբերելու համար։ Հակառակ իրենց հոգիի մաքրութեան, զղջումի եւ ապաշխարութեան ընթացքը ներկայ էր իրենց կեանքէն ներս, որովհետեւ կը գիտակցէին, թէ ամենակալին առջեւ կենալու համար, ամենակալին ողորմութեան պէտք ունին։
Ապաշխարութիւն՝ յաճախ լսուած բառ մըն է. սակայն որքանո՞վ կեանքի կը վերածենք բառերը։ Քառասնօրեայ պահեցողութեան այս շրջանը մեր կեանքէն ներս, ապաշխարութեան ամենագեղեցիկ առիթներէն մէկ է. եւ այս ժամանակամիջոցը հոգիի բժիշկներուն՝ եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ սահմանուած է, որպէսզի աղօթքով եւ պահեցողութեամբ մեր մեղքերը ապաշխարութեան արցունքով մաքրենք եւ արժանանանք մաքուր հոգիներով երկինքի զօրքերուն հետ մեր Տիրոջ հրաշափառ յարութիւնը աւետելու։ Սակայն այս մէկը չի նշանակեր, թէ միայն քառասնօրեայ պահեցողութեան այս միջոցին է, որ պէտք է ապաշխարենք եւ մեղքերուն համար թողութիւն հայցենք։ Ապաշխարութիւնը եւ մեղքերուն համար լալն ու ներում հայցելը կեանքի ընթացք մըն է, եւ ամէնօրեայ պարտաւորութիւն։
Յովհաննէս Մանդակունի հայրապետ շատ գեղեցկօրէն կը բանաձեւէ ապաշխարութիւնը՝ ըսելով. «Բազում մեղքերուդ պատճառաւ մի՛ վախնար ապաշխարելէ. պարզապէս Աստուծո՛յ դիմէ, դատաւոր մը չէ Ան, այլ բժիշկ. սպանող դահիճ մը չէ այլ գորովագութ հայր»։
Սիրելինե՛ր, Աստուած ողորմութեան, գթութեան եւ քաւութեան անըսպառ աղբիւր է։ Ինչպէս մեր ֆիզիքական հայրերը չեն ուզեր մեր կորուստը, նոյնպէս ալ մեր հոգեւոր Հայրը՝ Աստուած, չ՚ուզեր  մեզ կորուստի մատնել։ Ընդհակառակը Ան մեզի միշտ առիթ կու տայ, որպէսզի մեր սրտերը ամէն տեսակի աղտեղութիւններէ մաքրենք՝ ապաշխարութեամբ։
Եկէք աներկմիտ հաւատքով Աստուծոյ առջեւ կենանք եւ մեր վէրքերը ցոյց տանք, որպէսզի բժշկէ մեզ, որովհետեւ Աստուած այնքան կը սիրէ մեզ, որ մեղաւորներս չանտեսեց այլ ապաշխարութեամբ փրկութիւն շնորհեց։ Նաեւ ինչպէս հայր մը երբ տեսնէ, թէ իր զաւակը անհանգիստ վիճակի մէջ է, շտապելով անոր համար դեղեր կը բերէ, որպէսզի բուժուի, նոյնպէս եւ աւելիով մեր երկնաւոր հայրը երբ տեսնէ իր զաւակները մեղքի պատճառով հասած են մահուան աստիճանին անոնց առջեւ կը դնէ դեղ մը, որ իրենց համար ամբողջութեամբ նոր կեանքի սկիզբ  է, մահուընէ եւ յաւիտենական տանջանքէ ազատում, անոնց կեանքի ջուր կու տայ անմահութեան աղբիւրէն, անոնց կու տայ երջանկութեան յաւերժական կեանք մը թէ՛ երկրի եւ թէ երկնքի մէջ, այդ ջուրն ու դեղը ապաշխարութիւնն է։
Սիրելինե՛ր, մենք կոչուած ենք ապաշխարող մարդիկ դառնալու։ Մարդս կատարեալ չէ երկնաւոր Հօր նման, որ կարենայ առանց մեղանչումի կեանք ապրիլ, այդ իսկ պատճառով մարդը պէտք ունի ապաշխարութեամբ լեցուն կեանքի մը, որովհետեւ մէկ անգամ  ապաշխարելով փրկութեան չեն արժանանար։
Արդ, Անմահ ու անմահութիւն տուող Աստուծմէ ապաշխարութեան արցունքներ խնդրենք, կանգնինք Անոր առջեւ եւ այսօրուան մեր աղօթքը դարձնենք Ս. Հայրապետին խօսքերը եւ ըսենք. «Անմահութեա՛ն աղբիւր, ապաշխարութեան արցունքներ հոսեցուր մեր սրտէն, ինչպէս պոռնիկին սրտէն հոսեցուցիր, որպէսզի այս աշխարհէն դեռ չելած՝ լուանք մեր մեղքերը. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ մեզի՝ մեղաւորներուս»։
Լեւոն Վրդ. Եղիայեան