Սուրիահայ գաղութի թիւին նօսրացումին հետեւանքով նկատելի է ազգային այլազան մարզերու մէջ ներգրաւուած անձերու մէկէ աւելի գործեր ստանձնած ըլլալու ծանրաբեռնուածութիւնը:
Այս երեւոյթը բնական է ներկայ պայմաններուն մէջ, որովհետեւ ծառայողներու, մշակներու տագնապ կայ ամէն բնագաւառի մէջ:
Կրթական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական, երիտասարդական թէ պատանեկան հաստատութիւններու մէջ կը հանդիպինք նուիրեալներու, որոնք ստանձնած ըլլալով մէկէ աւելի աշխատանքներ, չեն կարենար իրենց պատկերացուցած ներդրումը ունենալ՝ ծանրաբեռնուած ըլլալնուն բերումով: Շատ մը պարագաներու անոնք կը սկսին յոգնիլ եւ տեղի տալ նաեւ: Այս ալ բնական է, որովհետեւ ծանրաբեռնուելով կարելի չէ բոլոր մարզերուն մէջ ցանկալի մակարդակով ծառայութիւն ունենալ, անհրաժեշտ ժամանակը տրամադրել եւ գոհ մնալ ստացուած արդիւնքէն:
Բնականաբար մեղաւորներ կարելի չէ փնտռել այս պարագային, ընդհակառակը քաջալերել ու գնահատել է պէտք բոլոր անոնք, որոնք սիրով ու մեծ պատասխանատուութեամբ կը նուիրուին մէկէ աւելի ծառայողական աշխատանքներու:
Այս երեւոյթը, սակայն, երկար ժամանակի վրայ կրնայ բացասական արդիւնք ունենալ: Իւրաքանչիւր միութենական իր ստանձնած մարզին անհրաժեշտ ժամանակը, միտքն ու գործը չտրամադրելու պարագային իրեն վստահուած դերը ցանկալի որակով պիտի չկարենայ կատարել:
Լուծումներ չկա՞ն ուրեմն…
Բնականաբար կան:
Նորերը պատրաստելու եւ աշխատանքի մղելու ծրագիրը կը մնայ հիմնական լուծումը:
Անփո՞րձ են անոնք. օգնենք, որ փորձառութիւն շահին, ուղղենք, առաջնորդենք զիրենք, որ բարելաւեն իրենց կարելիութիւնները, պարզապէս չըսելու համար թէ մարդ չկայ, աշխատող չկայ, ծառայող չկայ:
Սուրիահայ մեր ընկերութենէն ներս չեն պակսիր ծառայասէրները, նոյնիսկ երկրի ներկայ տնտեսական եւ կենցաղային ծանր պայմաններուն մէջ, այնուամենայնիւ մարդկային մեր պաշարին վերարժեւորման, հարստացման կարիքը ինքզինք կը պարտադրէ:
Վարժողական ծրագիրները, դասընթացքները, նորեր գործի դաշտ ուղղելով հետեւողականօրէն անոնց աշխատանքը հետապնդելու եւ սրբագրելու փորձերը, բայց մանաւանդ փորձառութիւններու փոխանակումը կրնան դրական արդիւնքի հասցնել բոլորս:
Չզլանանք ուրեմն յոյժ կարեւոր այս քայլերը առնելու եւ համայնքային, ազգային թէ միութենական միջավայրներ գրաւելու նոր դէմքեր: Ներգրաւելէ ետք ալ մեր ուշադրութեան կիզակէտին մէջ պահելու զիրենք՝ անհրաժեշտ գիտելիքները, փորձառութիւնը փոխանակելով, անոնց աշխատանքի որակին հետամուտ ըլլալով եւ աստիճանաբար լուծելով ծառայող միութենականներու ծանրաբեռնուածութեան հարցը, զգոյշ ըլլալով մէկտեղ որակի հաշուոյն քանակ աւելցնելու ծուղակէն:
Ժողովրդային առածը կ՚ըսէ. «Մէկ ձեռքով կարելի չէ երկու ձմերուկ շալկել»: