ԱՄՆ-ի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Պոպ Մենենտես կը պահանջէ նախագահ Պայտընի վարչակազմէն Քոնկրէսին միանալ եւ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխատիլ Ատրպէյճանի կառավարութեան մօտ ապօրինաբար պահուող հայ գերիները ազատելու ուղղութեամբ: «Ես յոյս ունիմ, որ նախագահը կը պահպանէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր յանձնառութիւնը: ԱՄՆ-ի Ծերակոյտը միաձայնութեամբ ընդունած է եւ ես հպարտ եմ, որ նախորդ տարի հովանաւորած եմ ատիկա: Ներկայացուցիչներու պալատը նոյնպէս ընդունած է: Ժամանակն է, որ ԱՄՆ նախագահը ամբողջացնէ քոնկրէսի ջանքին մնացեալ բաժինը, իբրեւ Ամերիկայի ժողովուրդի ներկայացուցիչ` ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը»,ըսած է ծերակուտականը: Յիշուած է, որ Մենենտես սկսած է դիմել Ծերակոյտի գործընկերներուն, որպէսզի միանան իրեն միատեղ նամակ ուղարկելով նախագահ Պայտընին, որով կոչ պիտի ուղղուի 24 Ապրիլի յայտարարութեան մէջ պատշաճ կերպով բնութագրելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ծերակուտականը նաեւ շարունակած է կոչ ուղղել, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին մէջ ԱՄՆ-ն աւելի գործուն ըլլայ, ներառեալ Ատրպէյճանի մէջ անօրինական պահուող ռազմագերիներն ու քաղաքացիական անձերը ազատ արձակելու ուղղութեամբ: «Ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին, թէ հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումին, ծերակուտական Մենենտես սկզբունքային, ուժեղ, յամառ պաշտպան է արդիւնաւէտօրէն առաջ մղելու ինչպէս ԱՄՆ-ի շահերը, նոյնպէս ալ Ամերիկայի արժէքները»,ըսած է ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Անի Չաղլասեան: