Սուրիոյ Փոխադրամիջոցներու Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Հալէպի Միջազգային Օդակայան վայրէջք կատարած է Էրպիլէն Հալէպ ժամանած առաջին օդանաւը։ Սա, աւելի քան ութը տարիներու ընդհատումէն ետք, արտերկրէն Հալէպի Միջազգային Օդակայան կատարուած առաջին թռիչքն է։