Երկուշաբթի, 8 Մարտ 2021-ին, տեղական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Համաշխարհային պարէնի ծրագիրը սերտողութիւն կատարեց Սուրիոյ մէջ կարիքաւոր ընտանիքներուն շուրջ։ Ծրագիրին լրատուական պատասխանատու Ռիմ Նատա յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ 16 միլիոն սուրիացի մարդկային օժանդակութիւններու կարիք ունի։ Սուրիացի ընտանիքներէն 60%-ը կարիղութիւն չունի իր ուտեստեղէնի կարիքը ապահովելու, որովհետեւ երկրէն ներս տնտեսական տագնապ կը տիրէ եւ ուտեստեղէնը եռապատիկ սղաճ արձանագրած է։