“Հորիզոն”._Նկատի ունենալով Հայ Դատի գործունէութեան օրէ օր ընդլայնող ու ճիւղաւորուող բնոյթը, ինչպէս նաեւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք հայութեան դիմագրաւած նորագոյն քաղաքական մարտահրաւէրները՝ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը 16 Մայիսին պիտի նախաձեռնէ առցանց նուիրահաւաքի, յանձնախումբի աշխատաքներու եւ Օթթաուայի գրասենեակի գործունէութեան խթանման համար։ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, Քանատայի տարածքին գործող ամէնէն ազդեցիկ հայկական քաղաքական կառոյցն է եւ Քանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ գործող իր յանձնախումբերով կը գործէ աւելի քան վեց տասնամեակներէ ի վեր։ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի առաքելութիւնն է պաշտպանել Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան իրաւունքները քանատական քաղաքական բեմին վրայ։ 25 Ապրիլ 2006-ին բացումը կատարուեցաւ Օթթաուայի Հայ Դատի գրասենեակին: Այդ օրուընէ սկսեալ, հոնկէ կը տարուի նպատակաուղղուած աշխատանք եւ արդէն իսկ15 տարուան իր գործունէութեան ընթացքին գրասենեակը դարձած է տեղեկատուական ու բանակցային-յարաբերական ազդեցիկ կեդրոն: Նուիրահաւաքի մանրամասնութիւնները ու Հայ Դատի Յանձնախումբի պաշտօնական հաղորդագրութիւնը այս նախաձեռնութեան մասին շուտով կը հրապարակուին։