“Երկիր”._Տաւուշի մարզպետարանի դիմատետրի էջէն յայտնած են, որ Հայ-ատրպէյճանական սահմանի տաւուշեան բաժինի սահմաններու որոշումին առնչութեամբ գործընթաց չկայ եւ չէ նախատեսուած: «Յարգելի հայրենակիցներ, ինչպէս տեղեկացուցած ենք բազմիցս` հայ-ատրպէյճանական սահմանի տաւուշեան բաժինի սահմաններուն առնչութեամբ որոշումի գործընթաց չկայ եւ չէ նախատեսուած։ Սիրելի տաւուշցիներ, մեզ կարելի չէ խուճապի մատնել, մեր սահմանները ամուր են նաեւ ձեզմով: Կեղծ եւ պառակտիչ հրապարակումները իբրեւ յանցագործութիւն կ’արժեւորենք եւ իրաւապահ մարմիններուն ուշադրութեան կը հրաւիրենք»: