Հայ Սկաուտը ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներուն օրինակին եւ ուսուցումներուն հետեւելով իր հոգին, միտքն ու հանգիստը ի սպաս կը դնէ բարձր պահելու միութեան դրօշը:
Հովանաւորութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի «Քեսապ» մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի «Քեսապ» մասնաճիւղի Սկաուտ խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, Կիրակի, 28 Փետրուար, 2021-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, մեծ խանդավառութեամբ եւ բարձր տրամադրութեամբ նշուեցաւ «Հայ Սկաուտի Օր»ը, «Սարդարապատ» սրահէն ներս: Ներկայութեամբ՝ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ՝ Հայր Անդրանիկ աբղ. Քիւրիւմեանին, միութիւններու ներկայացուցիչներուն, նախկին խմբապետներուն եւ ծնողներուն:
Հայ Սկաուտի Օրուան թեման էր «Հայ Բանակը», իսկ բեմը զարդարուած էր Արցախի վերջին պատերազմի ընթացքին նահատակուած ՀՄԸՄ-ականներուն պատկերներով: Մուտքի տպաւորիչ պատկերով եւ գեղեցիկ երգով, բեմ բարձրացան  սկաուտները, աստիճանաւորական եւ խմբապետական կազմերը, որոնք հանգրուան առ հանգրուան մտնելով ներկայացուցին՝ Հայ բանակը, պապիկները, մամիկները, մատղաշ սերունդը եւ այսպէս սկիզբ առաւ հանդիսութիւնը: Հնչեցին Սուրիական եւ Հայաստանի քայլերգները, ապա սկաուտները երգեցին  «Ով Հայ Արի» քայլերգը:
Բացման խօսքը արտասանեց Արի-Արենոյշ միաւորի պատասխանատու խմբապետ՝ քոյր Մարի Շեխուկեան-Լնդեան:
Օրուան հանդիսավարներն էին՝ քոյր Լուսին Քիւրքճեան եւ եղբ. Յովսէփ Բէնդէզեան:
Յայտագիրը կ՚ընդգրկէր՝ Հայ Բանակի նուիրուած խմբային արտասանութիւն, չափական եւ գաւազանով մարզանք, հայկական պար եւ բուրգ, որոնցմէ ետք տեղի ունեցան խոստման արարողութիւն եւ նորագիրի  վկայականաց բաշխում:
Ապա Վարչութիւնը փողերախումբի երկու պատասխանատու՝ քոյր Դալար Լնդեանը եւ եղբ. Անդրանիկ Հանէսքէհեանը գնահատեց եւ յուշանուէրով մը վարձատրեց:
Այնուհետեւ իր սրտի խօսքը արտասանեց Հայր Անդրանիկ աբղ. Քիւրիւմեան, անդրադառնալով Հայ Սկաուտին դերին ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներուն պահպանման գործընթացին մէջ, ապա գնահատեց օրուան աշխատանքը եւ նորանոր յաջողութիւն մաղթեց:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ սկաուտներուն երգեցողութեամբ «Յառա՜ջ Նահատակ» քայլերգով։
Թղթակից