Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը նախազգուշացում տարածած է` ուղղուած ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին, պետքարտուղար Էնտօնի Պլինքընին եւ պետբաժինին: «Ատրպէյճանն ու Թուրքիան յարձակում կը նախապատրաստեն Սիւնիքի վրայ: Հայաստանը կը դառնայ յաջորդ յարձակումի թիրախը», ըսուած է յանձնախումբի թուիթըրեան միքրոպլոկի էջին վրայ: