“Արմէնփրէս”._ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 13 Մարտին հանդիպած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ: Հանդիպումը տեղի ունեցած է Հանրապետութեան նախագահին նախաձեռնած քննարկումներու ծիրէն ներս: Նախագահը եւ վարչապետը քննարկած են երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, զայն հանգուցալուծելու եւ ներքաղաքական ճգնաժամը յաղթահարելու ուղիները: Իբրեւ լուծում անդրադարձ կատարուած է խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու կատարման: