“Արմէնփրէս”._Լոս Անճըլըսի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունած է բանաձեւ մը, որով իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեան։ Բանաձեւը ներկայացուցած են խորհուրդի անդամներ Փօլ Գրեգորեանն ու Միտչ Օ՛Ֆարէլը: Բանաձեւին մէջ յիշուած է, որ Լոս Անճըլըս քաղաքը մշտապէս աջակցած է Արցախի բնակչութեան, որ «էթնիկ եւ մշակութային տեսանկիւնէ հայերէ կը բաղկանայ եւ բնիկ է տուեալ տարածաշրջանին մէջ եւ որ համարձակօրէն իր անկախութիւնը հռչակեց Խորհրդային Միութենէն եւ Ատրպէյճանի Խորհրդային Հանրապետութենէն շուրջ 30 տարի առաջ ու անկէ վերջ ժողովրդավարական ինքնակառավարում հաստատեց»: Բանաձեւը անդրադարձ կատարած է Սեպտեմբեր 2020_ին ատրպէյճանական կողմի սանձազերծած պատերազմին՝ աւելցնելով. «27 Սեպտեմբեր 2020-ին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը սանձազերծեցին լայնածաւալ յարձակում Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ՝ համադրելով գործողութիւնները Թուրքիոյ հետ եւ անոր աջակցութիւնը ստանալով՝ այդպիսով ամբողջովին անտեսելով 30 տարուան հրադադարը ու վերսկսելով լայնածաւալ պատերազմ: Անոր նպատակն էր ոչնչացնել եւ էթնիկ զտման ենթարկել բնիկ հայ բնակչութիւնը եւ ուժի միջոցով Արցախի անկախ Հանրապետութիւնը նուաճել»: Յիշուած է, որ Ատրպէյճան մտադրուած կերպով թիրախաւորած է Արցախի քաղաքացիական բնակչութիւնը՝ օգտագործելով ծանր զէնքեր` անօդաչու թռչող սարքեր, հրթիռներ եւ ծանր հրետանի, որ յանգած է աւերածութիւններու, զոհերու եւ մեծ թիւով արցախցիներու տեղահանութեան: «Ատրպէյճանի զինուած ուժերը եւ անոր վարձած ահաբեկիչները սարսափելի պատերազմական յանցանքներ ու կոտորածներ իրականացուցած են՝ քաղաքացիական անձերուն, ինչպէս նաեւ՝ ռազմագերիներու սպանութիւններ, խոշտանգումներ, անդամահատումներ», ըսած են Լոս Անճըլըսի քաղաքային խորհուրդի անդամները: Անոնք արձանագրած են նաեւ, որ բռնի ներխուժման ողջ ընթացքին Ատրպէյճան ահաբեկած է քաղաքացիական բնակչութիւնը՝ օգտագործելով միջազգայնօրէն արգիլուած զինատեսակներ՝ քլաստերային ռումբեր եւ սպիտակ ֆոսֆոր”: Քաղաքային խորհուրդի անդամները որոշած են՝ քանի որ Շուշի քաղաքը այժմ անօրինական կերպով կը վերահսկուի Ատրպէյճանի կողմէն, իրենք ժամանակաւոր կը կասեցնեն Շուշիի հետ «բարեկամ քաղաք»-ի կարգավիճակը: Անոնք խոստացած են վերականգնել կարգավիճակը, երբ քաղաքը կրկին ազատ ըլլայ ատրպէյճանական նուաճումէն։