Երկուշաբթի, 15 Մարտ 2021-ին, սուրիական տեղեկատուական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ի հաղորդեց, որ վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած է տեղեկութիւն մը, իբրեւ թէ Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ գաղտնի բանակցութիւններ տեղի ունեցած են։ Ասիկա ապատեղեկատուութիւն է։ Սուրիան կտրականապէս կը հերքէ զայն։ Սուրիան միշտ յստակ կեցուածք ունէր այս հարցին նկատմամբ եւ ոչ մէկ օր գաղտնի բանակցութիւններու ուղղուած է Իսրայէլի հետ, համոզուելով, որ որեւէ կողմի հետ բանակցութիւնը պէտք է ըլլայ ի նպաստ Սուրիոյ ժողովուրդին, իսկ Իսրայէլի հետ բանակցիլը անկասկած, որ Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ որոշումներով պիտի աւարտի, այն ինչ որ բացարձակապէս ընդունելի չէ։ Աղբիւրը աւելցուց. «Սուրիան ինչպէս անցեալին, ներկայիս եւ ապագային պիտի շարունակէ բացայայտ գործել, իսկ Իսրայէլի հետ գաղտնի խորհրդակցութիւններ կամ բանակցութիւններ չէ նախատեսած» ։