Հայ ուսուցիչին առաքելութեան մասին խօսիլը նորութիւն մը պիտի չըլլայ հաւանաբար, որովհետեւ դարեր շարունակ հայ ուսուցիչը սերունդներ դաստիարակած, անոնց հայեցի կրթութիւն ջամբած ու իր օրինակով տիպար հանդիսացած է՝ խրախուսելով նաեւ ուսուցչութեան ասպարէզը, ուսումը, գիրն ու գրականութիւնը եւ հայկական արժէքներուն տէր կանգնելու ջանքերը։
Այս օրերու ուսուցիչին դերակատարութիւնը, սակայն, համեմատաբար աւելի դժուար է, որովհետեւ քաղաքակրթութիւններ ու մշակոյթներ կը քանդուին, կÿարհամարհուին, յանուն քաղաքական նպատակներու, յանուն համաշխարհայնացում կոչուած գաղութատիրական հեռանկարներու։
Հայ ուսուցիչին վերապահուած է հայ երիտասարդին մտքին ու հոգիին մէջ ազգային արժէքներ սրսկելը, անոնց հանդէպ սէր եւ հետաքրքրութիւն արթնցնելն ու այսպիսով աւելի լայն պարունակի մէջ՝ ընկերութեան մէջ, ազգային արժէքներու պահպանման մթնոլորտ ու աշխատանքի թափ յառաջացնելը։
Իսկ ի՞նչ վիճակ կը պարզէ ուսուցչական ասպարէզը այսօր։
Ցաւօք, մեր օրերուն ուսուցչական ասպարէզ ներգրաւուողներուն թիւը այնքան ալ մեծ չէ, յատկապէս տղամարդիկ հեռու կը մնան այս ասպարէզէն, հակառակ անոր որ ուսուցիչն ու ուսուցչուհին, որպէս այր եւ կին, ունին իրենց  իւրայատուկ դերակատարութիւնը ուսուցչութեան ասպարէզին մէջ։ Մեզմէ ո՞վ չէ ազդուած իր ուսուցիչին անհատականութենէն, անոր ազդու ներկայութենէն ու գաղափարներէն, միեւնոյն ատեն ուսուցչուհիին հոգատար վերաբերմունքէն, դաստիարակի տիպարէն ու դասաւանդող առարկային հանդէպ ցուցաբերած հետաքրքրութենէն։ Ուսուցիչին եւ ուսուցչուհիին ներդաշնակ ներկայութիւնն ալ իր դերակատարութիւնը ունի դաստիարակչական ասպարէզին մէջ։
Հակառակ այս իրողութեան, սակայն, ուսուցչութեան ասպարէզը գրաւիչ դարձնելու ճիգերը կը մնան սահմանափակ, եւ ի զարմանս բոլորին, ճաշարանի կամ վաճառատան պաշտօնեան երբեմն շատ աւելի լաւ կը վարձատրուի, քան ուսուցիչը, որ սերունդներ դաստիարակելու, կրթելու յոյժ կարեւոր գործին նուիրուած է։
Այստեղ վերյիշեցման կարգով արձանագրենք,  որ եթէ կ՚ուզենք առողջ, ազգային բարձր գիտակցութեամբ սերունդներ հասցնել, սերունդներ, որոնք ազգային մեր արժէքները պիտի պահպանեն, անոնց տիրութիւն ընեն ու այդ գիտակցութեամբ յառաջ տանին մեր հասարակութիւնը բազմակողմանիօրէն, աչքաթող պէտք չէ ընենք հայ ուսուցիչին դերակատարութիւնը, անոր հանդէպ հետաքրքրութիւնը, անոր արժանի վարձատրութիւնը, որպէսզի աստիճանաբար ուսուցչութեան ասպարէզը դառնայ աւելի գրաւիչ եւ ուսուցիչը իր գոհացուցիչ կենսամակարդակը կարենայ ապահովել՝ նուիրուելով իր ասպարէզին։
Եթէ քարաշէն կառոյցներուն, զանազան ձեռնարկներուն համար կարելի է գումար ճարել, ուրեմն ուսուցչական ասպարէզը գրաւիչ դարձնելու, միեւնոյն ատեն ուսուցիչէն նորարար ու արդիւնաւէտ դասաւանդման միջոցներ պահանջելու ու ուսուցման մեր համակարգը աւելի նպատակային դարձնելու միջոցներ եւս չեն պակսիր։
Ձեր տօնը շնորհաւոր ըլլայ, սիրելի՛ ուսուցիչներ եւ ուսուցչուհիներ։ Սերունդներ վստահուած են ձեր խղճին, ձեր դաստիարակութեան եւ ձեր նուիրական ճիգին։