Պատերազմի տարիներուն երկար ատեն կասեցուելէ ետք, Հալէպի մէջ վերսկսաւ կազմակերպումը մշակութային, աշակերտական այլազան մրցաշարքերու։ Այդ շարքերուն մէջ յատկանշական էր «The Best Voice Kids» մանկապատանեկան երգի մրցաշարքը, Սուրիանի Կաթողիկէ Համայնքին կազմակերպութեամբ։ Մրցաշարքին մեկնարկը կատարուեցաւ Յունուար 2021֊ին, անոր մասնակցեցան Հալէպի տարբեր համայնքներէն աւելի քան 150 պատանիներ, որոնցմէ ութն հայեր էին։ Մասնակցութեան նախնական քննութենէն ետք բեմ բարձրանալու իրաւունք ստացան 72 մասնակիցներ՝ հինգը հայ պատանիներ։

Մրցաշարքը, որ շատ լաւ առիթ էր ծանօթանալու տեղացի տաղանդաւոր պատանիներու եւ ընկերական ջերմ յարաբերութիւն մշակելու անոնց հետ, կը բաղկանար հինգ փուլերէ։ Հինգ հայ մասնակիցները մասնակցեցան առաջին երեք փուլերուն, իսկ կիսաեզրափակիչ փուլ անցան միայն երեքը։

Պէտք է հաստատել, որ բոլոր մասնակիցները լուրջ աշխատանք տարած էին իրենց լաւագոյնը ներկայացնելու, հաւատալով, որ նման մրցումներու ընթացքին,  յաղթանակէն աւելի կարեւոր է մասնակցութիւնն ու հաւաքական աշխատանքի մէջ մրցակցութեան առողջ ոգիով զինուիլը։

Եզրափակիչ փուլին առաջին դիրքը գրաւեց 12-ամեայ Քրիստինա Միրաքեանը։

Այս առիթով «Գանձասար»ը հիւրընկալեց հինգ մասնակիցները եւ մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ անոնց հետ, խօսեցանք նման մրցումներու կարեւորութեան, իրենց տպաւորութեան եւ մասնակցութեան մասին։

Արգինա Շէօհմէլեանը Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական վարժարանի 7֊րդ կարգի աշակերտուհի է։ Ան փոքր տարիքէն բեմերէ երգելու փափաք ունեցած է․ անդամակցած է ԲԵրիոյ Հայոց ԹԵմի Ուսումնական Խորհուրդի «Ս․ Մեսրոպ Մաշտոց» եւ «Արեգակ» մանկապատանեկան երգչախումբերուն։ Ան առաջին անգամ հանդէս կու գար արաբերէն մեներգով, ըստ մրցաշարքի օրէնքին։ Արգինան ըսաւ․ «Ես երբեք յոյս չունէի, որ արաբերէն երգով պիտի կարենամ հանդէս գալ եւ յաջողիլ, որովհետև սովորութիւն չեմ ունեցած արաբերէն երգելու։ Այս շրջանին, մինչեւ երրորդ փուլի մրցաշարքին հասնիլս, մեզ մարզող արուեստագէտները ցուցմունքներ տուին։ Շատ լաւ փորձառութիւն էր ինծի համար։ Մրցաշարքին շնորհիւ ունեցայ նոր ընկերներ եւ ծանօթացայ տեղացի երաժիշտներու»։ Արգինան ծրագրած է յառաջիկայ տարիներուն եւս մասնակցիլ մրցաշարքին, նախապէս հետեւելով ձայնամարզումի դասընթացքներու։

Ճորճ Աշնաքլեանը Կրթասիրաց Ս․ Չէմպէրճեան Երկրորդական վարժարանի 7֊րդ կարգի աշակերտ է։ Փոքր տարիքէն մեղմ երաժշտութիւն ունկնդրելու հակում ունեցած է եւ սկսած երգելու փորձեր ընել, անոր համաձայն, ծնողքը օր մը պատահաբար լսած է իր երգելը եւ այդ օրուընէ սատար  կանգնած է Ճորճին, որպէսզի զարգացնէ իր ձիրքը։ Ան երկու տարիէ ի վեր մաս կը կազմէ քրիստոնէական եկեղեցական երգչախումբին։ Իր մասնակցութեան մասին Ճորճը հետեւեալը պատմեց․ «Երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավարը թելադրեց եւ քաջալերեց որ մասնակցիմ մրցաշարքին։ Ես համարձակութիւն չունէի սկզբնական շրջանին, սակայն փորձառութեամբ վախս փարատեցաւ, կը քաջալերեմ ընկերներս, որ չտատամսին, չվախնան նման մրցումներու մասնակցելէ։ Մրցաշարքին բոլոր փուլերուն երգեցի նախասիրած երգերս։ Մեծ փափաք ունիմ նման մրցաշարքներու մասնակցելու, այլեւս՝ առանց վախի»։ Ճորճն ալ կիսաեզրափակիչ փուլ հասաւ ու խանդավառուած որոշեց ուսման եւ մասնագիտութեան կողքին, ապագային լաւ երգիչ դառնալ։ Ճորճին եղբայրը Սուրիոյ պատերազմին նահատակուած Գրիգոր Աշնաքլեանն է, որուն անունով կոչուեցաւ Հալէպի  պետական դպրոցներէն մէկը՝ առ ի յարգանք իր յիշատակին։ Ճորճը շեշտեց, որ ինք եւս երբ մեծնայ պիտի զինուորագրուի եւ  ծառայէ իր ծննդավայրին ու Սուրիական Հայրենիքին։

Դալար Իփճեանը Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի 7֊րդ կարգի աշակերտուհի է։ Պատերազմի տարիներուն ընտանիքին հետ փոխադրուած էր Մաշթթալ Հլու քրիստոնէական գիւղ։ Երբ Հալէպ վերադարձաւ, արդէն 4֊րդ կարգի աշակերտուհի էր, այդ տարի սկսաւ հայերէն կարդալ եւ գրել սորվիլ։ Դալարը հիմա հայերէն լեզուի գերազանց աշակերտուհի է։ Ան մասնակցած է «Ս․Մեսրոպ Մաշտոց» աշակերտական երգչախումբին։ Զրոյցին ընթացքին Դալար ըսաւ․ «Մանկութեանս օրերէն կ՛երազէի բեմ բարձրանալ եւ մեներգել, այդ պատճառով ալ մասնակցեցայ մրցաշարքին։ Շատ ուրախ էի, որովհետեւ իրականացուցի երազանքս եւ քանի մը քայլ յառաջացայ՝ հասնելով մինչեւ կիսաեզրափակիչ փուլ։ Մրցաշարքին մասնակցութիւնս եւ այս դիրքին հասնիլս ներշնչեցին զիս ու նոր ծրագիրներ մշակելու մղեցին»։

Աւարտին Դալարը  յայտնեց, որ յաջողութեան միակ գաղտնիքը յուսահատութեան չյանձնուիլն է։

Կարօ Քուշաֆճեանը Բեթէլ Երկրորդական վարժարանի 10֊րդ կարգի աշակերտ է։ Ան մրցաշարքի երիցագոյն մասնակիցն է։ Փոքր տարիքին, ծնողքին քաջալերանքով, մաս կազմած է «Ս․ Մեսրոպ Մաշտոց» երգչախումբին, պատանեկան տարիքին դպրոցական եւ միութենական ձեռնարկներուն առիթ ունեցած է իր ձիրքը յայտնաբերելու։ Ան այս փորձառութեան մասին խօսելով հետեւեալը ըսաւ․ «Ես երբեք չէի ծրագրած մասնակցիլ յաղթելու եւ աւարտական փուլ հասնելու համար, մասնակցեցայ պարզապէս նոր փորձառութիւն մը շահելու համար։ Երբ մուտքի քննութեան ընթացքին լսեցի մասնակիցներուն ձայները, յուսախաբ դարձայ, քանի որ շատ լաւ երգողներ կային, ինչպէ՞ս պիտի հասնէի աւարտական փուլ․․․ Յաջորդաբար անցայ չորս փուլերը եւ գոհունակութեամբ դուրս եկայ այս մրցաշարքէն։ Երբ կը նախապատրասուէի աւարտական փուլին, սկսայ լրջութեամբ պայքարիլ իբրեւ հայ մասնակից եւ մրցակցութեան ոգիս զիս մղեց ամէն ճիգ թափելու։ Ուրախութիւնս մեծ է, քանի որ հայ ընկերներուս հետ մասնակցեցայ, լաւ տպաւորութիւն ձգեցի ու գոհացուցիչ արդիւնքի հասայ։ Ուրախութիւնս կրկնապատկուեցաւ՝ երբ Քրիստինային անունը յայտարարեցին որպէս յաղթող»։

Քրիստինա Միրաքեանը Ազգ. Միացեալ վարժարանի 6֊րդ կարգի աշակերտուհի է։ Ծնած է Յունաստան։ Փոքր տարիքէն երգած է յունարէն երգեր, ներկայիս մաս կը կազմէ քրիստոնէական եկեղեցական երգչախումբին։ «Ընկերներս քաջալերեցին մասնակցութիւնս։ Ես յոյս չունէի լաւագոյն երգողը ընտրուելու։ Երբ առաջին փուլին ժիւրիի անդամներէն երեքը իրենց աթոռները դարձուցին եւ ինծի ձայն տուին, յուսադրուեցայ եւ մրցաշարքին մնացեալ փուլերուն նոր թափով մասնակցեցայ՝ գրաւելով առաջին դիրքը», ըսաւ Քրիստինան։

Ան առաջին դիրքը գրաւած ըլլալուն համար ներկայիս կը պատրաստուի իր անձնական տեսահոլովակի ձայնագրութեան՝ կազմակերպիչ մարմինին հովանաւորութեամբ։

Հանդիպումի աւարտին «Գանձասար»ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանը նախ շնորհաւորեց մասնակիցներն ու անոնց ծնողները, ներկայացուց թերթը, անոր բաժինները, քաջալերեց թերթ ընթերցելն ու անոր աշխատակցիլը եւ իւրաքանչիւրին մէկական գիրք ու թերթ նուիրեց։

Ժիրայր Կարապետեան