«Արմէնփրէս».-  ԱՄՆ-ի Հայ Դատի Յանձնախումբը յայտնած է, որ 37  ծերակուտականներ եւս միացած են ԱՄՆ ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտեսի նամակին` կոչ ուղղելով նախագահ Ճօ Պայտընին հետեւելու Քոնկրէսին եւ ամբողջութեամբ ու պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

 

Մենենտես նամակին մէջ Պայտընին յիշեցուցած է, որ նախապէս 2020 թուականի նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին ան ճանչցած  է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: «Մենք կը յորդորենք` նոյնը ընել  նախագահի պաշտօնի ընթացքին` յստակացնելով, որ ԱՄՆ կառավարութիւնը կը ճանչնայ այս սարսափելի ճշմարտութիւնը», ըսուած է նամակին մէջ:

Ծերակուտականը յիշեցուցած է, որ Դեկտեմբեր 2019-ին ԱՄՆ ծերակոյտը, իսկ Ապրիլ 2020-ին նաեւ Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած էին համապատասխան բանաձեւեր, որով 1915 թուականին կատարուածը կը ճանչնային որպէս Հայոց Ցեղասպանութիւն: Ան ընդգծած է, որ ժամանակն է` գործադիր մարմինը եւս ճանչնայ պատմական իրողութիւնը:

«Դուք ճշմարտօրէն յայտարարած էք, որ ամերիկեան դիւանագիտութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հիմքը պէտք է ըլլան մեր արժէքները եւ յարգանքը համաշխարհային իրաւունքներուն նկատմամբ: Այդ արժէքները կը պահանջեն, որ մենք ճանչնանք ճշմարտութիւնը ու  կարելին ընենք` կանխելու ապագայ ցեղասպանութիւններն ու մարդկութեան դէմ միւս յանցագործութիւնները:

Ինչպէս նշած էիք նախորդ Ապրիլին Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը կատարած ձեր յայտարարութեան մէջ` «Յատկապէս կարեւոր է խօսիլ այս մասին ու ոգեկոչել այս պատմութիւնը այնպիսի  պահ մը, երբ մենք ամէն օր աւելի կը  գիտակցինք ճշմարտութեան ուժը եւ մեր հաւաքական պատասխանատուութիւնը` կանգնելու ընդդէմ ատելութեան, որովհետեւ լռութիւնը յանցակցութիւն է»: Երկու կուսակցութիւններուն վարչակարգերը լուռ  եղած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտութեան հարցով: Մենք կոչ կ’ուղղենք Ձեզ կոտրելու յանցակցութեան այս օրինաչափութիւնը եւ պաշտօնապէս ճանչնալու, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ցեղասպանութիւն էր», ըսուած է նամակի եզրափակիչ բաժինին մէջ :