Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Շուշիի հայ բնակչութեան ջարդերու տարելիցին առիթով հրապարակած յայտարարութեան մէջ յայտնեց, որ 1920-ին Շուշիի հայ բնակչութեան ջարդերը եւ 2020-ին քաղաքի բռնագրաւումը ո՛չ միայն Արցախի եւ հայ ժողովուրդի հանդէպ ցեղասպան քաղաքականութեան դրսեւորում են, այլեւ յանցագործութիւն մարդկութեան ու մարդկայնութեան դէմ, միջազգային իրաւունքի եւ սկզբունքներու կոպտագոյն խախտում: Նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ 101 տարի առաջ այս օրը Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, թրքական կանոնաւոր բանակին եւ բազմաթիւ զինուած աւազակախումբերու գործակցութեամբ, կազմակերպեցին Շուշիի հայ ազգաբնակչութեան կոտորածը` գրեթէ հիմնովին աւերելով Արցախի պատմական մայրաքաղաքը: «Շուշիի ցեղասպանութիւնը արհեստականօրէն ստեղծուած «Ատրպէյճան» կոչուող պետութեան` Արցախի նկատմամբ զաւթողական քաղաքականութեան առաջին դրսեւորումն էր: Այդ հրէշաւոր յանցագործութեան պատճառով հազարաւոր հայեր սպանուեցան, տասնեակ հազարաւորներ ստիպուած եղան լքելու քաղաքը, ոչնչացուեցաւ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը, թալանուեցաւ մարդոց ունեցուածքը, պղծուեցան սրբավայրերը», յիշուեցաւ յայտարարութեան մէջ: Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան համոզումով, այս ողբերգական իրադարձութիւնը ազդակն էր այն քաղաքականութեան, զոր Ատրպէյճան պէտք է որդեգրէր հետագայ տասնամեակներուն համար: Նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ նման մարդատեաց գործողութիւններու շարունակութիւնը դարձաւ 1988 թուականէն ի վեր հայ ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի կողմէ պետական մակարդակով իրականացուող հայատեաց քաղաքականութիւնը, որուն ծիրին մէջ ի գործ կը դրուին ճնշումներ, ցեղային զտումներ եւ կոտորածներ: «Այն հանգամանքը, որ Պաքուի եւ Անգարայի ցեղասպան քաղաքականութիւնը այդպէս ալ չարժանացաւ միջազգային հանրութեան համարժէք գնահատականին, իսկ ոճրագործները մնացին անպատիժ, պատճառ դարձաւ, որ Ատրպէյճանը, Թուրքիոյ աջակցութեամբ եւ միջազգային ահաբեկիչներու ներգրաւումով, 27 Սեպտեմբեր 2020-ին նոր յարձակում սանձազերծէ Արցախի դէմ` դաւադրաբար տիրանալով հայոց բերդաքաղաք Շուշիին», ընդգծած է նախարարութիւնը` հաստատելով, որ արցախահայութիւնը երբեք պիտի չհաշտուի Շուշիի կորուստին հետ: «Շուշին եղած է, կայ եւ կը մնայ Արցախի անբաժան մասը: Պիտի կատարուի առաւելագոյնը Արցախի գրաւեալ տարածքներու ազատագրման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման համար», յայտնած է Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը: