«Երկիր».-23 Մարտին Պաքուն դարձեալ յայտարարած է, թէ Հայաստանին  վերադարձուցած է ռազմագերի համարուող բոլոր ձերբակալուածները:

Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն «Ռիա Նովոստ»-ին ըսած է, թէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքին համաձայն, ռազմական գործողութիւններու աւարտէն վերջ ձերբակալուածները ռազմագերի չեն համարուիր եւ  օրէնքի  ենթակայ են:

«Ձերբակալուածները պատասխանատուութիւն կը կրեն` համաձայն Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Քրէական օրէնսգիրքին: Անոնց հետ կը վերաբերուին համաձայն միջազգային իրաւունքին եւ Ատրպէյճանի օրէնսդրութեան», յայտարարած է այդ երկրի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը: