Երեքշաբթի, 30 Մարտ 2021-ին, Սուրիոյ համրապետութեան նախագահութեան կայքէջը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ եւ Առաջին Տիկին Ասմա ալ Ասատ մեկուսացման շրջանը աւարտելէ ետք PCR-ի քննութեան ենթարկուեցան եւ արդիւնքը ժխտական եղաւ։
Նախագահն ու Առաջին Տիկինը վերականգնեցին իրենց առողջութիւնը եւ վերադարձան իրենց աշխատանքին։
Յիշենք, որ 8 Մարտ 2021-ին, Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահութեան կայքէջը յայտարարեց նախագահ Ասատին ու Առաջին Տիկնոջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած ըլլալը։