Երեքշաբթի, 30 Մարտ 2021-ին, Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ նախագահեց Սուրիոյ Նախարարներու Խորհուրդին շաբաթական նիստին, որուն ընթացքին նախագահը նախարարներուն հետ խորհրդակցեցաւ քաղաքացիին առօրեայ դժուարութիւններուն շուրջ։
Նախագահ Ասատ յայտնեց, որ վերջերս շարք մը հրամանագիրներ հրապարակուեցան եւ միջոցներ որդեգրուեցան սուրիացի քաղաքացիին բեռը մեղմացնելու նպատակով, ինչու չէ նաեւ փաստելու համար որ անկարելի բան չկայ եւ եթէ կարելիութիւն չունինք որոշ տագնապներ ամբողջականօրէն լուծելու, առնուազն ջանք կը թափենք զանոնք մասամբ լուծելու, միւս կողմէ եթէ կարգ մը հարցերու լուծումը բոլորովին անկարելի է ներկայ պայմաններուն մէջ, կրնանք անոնց փոխարէն այլ հարցերու լուծման ուղղութեամբ քայլ առնել։
Անդրադառնալով ԱՄՆ տոլարին դիմաց սուրիական լիրայի փոխարժէքին տատանումին, Ասատ ըսաւ. «Ճիշդ է, որ այս գծով աննախընթաց միջամտութիւններ կատարեցինք, սակայն այս հարցին արմատական լուծումը պարզապէս օրէնք մը կայացնելով կամ որոշ միջոցի մը դիմելով չէ որ տեղի կ’ունենայ՝ այնքան ատեն որ սուրիական լիրայի տատանումէն օգտուող կողմեր կան, եւ այս մէկը ինքնին այլ պատերազմ մըն է, զոր արտաքին կողմեր կը հրահրեն»։
Նախագահը աւելցնելով շեշտեց. «Սուրիական լիրայի արժէքին տատանումը անտրամաբանական երեւոյթ է։ Իւրաքանչիւր վաճառական, որ կը շահագործէ սուրիական լիրայի արժէքին անբնական այս տատանումին ժամանակամիջոցը գիներ բարձրացնելու համար՝ աւազակ է։ Ուստի պէտք է միջամտութիւն կատարենք եւ պատժական խիստ կանոններ տնօրինենք անոնց հանդէպ»:
Կառավարութեան եւ քաղաքացիին միջեւ կայուն կապ հաստատելու մասին խօսելով Ասատ դիտել տուաւ. «Նախարարը ոչ միայն պաշտօնի տէր անձ մըն է, այլեւ քաղաքական գործիչ է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ան ժողովուրդին հետ կապ հաստատող անձ պիտի ըլլայ, որովհետեւ իւրաքանչիւր հարց որ քաղաքացին կը հետաքրքրէ, քաղաքականութեան մաս կը կազմէ։ Նախարարը պէտք է ներկայութիւն ըլլայ ժողովուրդին մէջ։ Այս ներկայութիւնը տեղի կ’ունենայ կապ հաստատելով, իսկ կապ հաստատելը խորհրդակցութեամբ»։
Նախագահ Ասատ եզրափակելով անդրադարձաւ պսակաձեւ ժահրի համաճարակի դիմագրաւման համար որդեգրուած միջոցներուն եւ ըսաւ. «Մէկ տարուան ընթացքին որդեգրուած միջոցները գոհացուցիչ էին համեմատաբար երկրին մէջ տիրող տնտեսական եւ քաղաքական պայմաններուն, սակայն մինչեւ օրս ապահովուած շնչառութեան գործիքներու քանակը բաւարար չէ եւ մենք որպէս պատկան հաստատութիւններ ճիգ չենք խնայեր բաւարար քանակ ապահովելու համար։ Այս փուլին ամենակարեւորը քաղաքացիին գիտակցութիւնը բարձրացնելն է։ Պէտք է նախազգուշացման բոլոր միջոցները որդեգրուին եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին տարածումը սահմանափակուի, այլապէս երկրին մէջ առողջական աղէտալի իրավիճակ պիտի տիրէ»։