Կիրակի, 28 Մարտ 2021-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր շրջանները հոգեկան մեծ ցնծութեամբ յիշատակեցին մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտք գործելու բերկրալի տօնը։
ՀԱԼԷՊ
Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եպիսկոպոսական Պատարագ մատուցեց եւ Ծաղկազարդի տօնին պատգամը փոխանցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, հաւատացեալներու հոծ ներկայութեան: Պատարագի ընթացքին ձիթենիի ճիւղերը օրհնուեցան։
Պատարագէն ետք, Սրբազան Հօր առաջնորդութեամբ մանուկներու օրհնութեան թափօր կատարուեցաւ, ապա ՀՄԸՄ-ի Հալէպ մասնաճիւղի սկաուտներն ու փողերախումբը տողանցեցին եկեղեցւոյ դիմաց։
Հալէպի Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան։ Աւարտին մանուկներու օրհնութեան թափօր կատարուեցաւ։
Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան։  Պատարագէն ետք, մանուկներու օրհնութեան թափօր կատարուեցաւ։
ՃԵԶԻՐԷ
Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Տերիքի մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով եւ հաւատացեալներու մեծաթիւ ներկայութեամբ յիշատակուեցաւ Ծաղկազարդի տօնը։
 Գամիշլիի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։
Պատարագի ընթացքին ձիթենիի ճիւղերը օրհնուեցան, որմէ ետք Հայր Սուրբը Ծաղկազարդի խորհուրդը բացատրեց Հաւատացեալներուն։
Պատարագի աւարտին մանուկներու թափօր կազմուեցաւ Կիրակնօրեայ Դպրոցի մանուկներուն, դպրաց դասին, Ասորի եկեղեցւոյ Քահանաներու եւ Հաւատացեալներուն մասնակցութեամբ։ Թափօրը անցնելով Ասորի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմացէն, շրջելով վերադարձաւ դէպի Առաջնորդարանի շրջափակ, ուր Անդաստանի արարողութիւն կատարուեցաւ։
Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Արշակ քհնյ. Ալաճաճեան։ Աւարտին, մանուկներու թափօր կատարուեցաւ։
Տերիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան։ Պատարագի ընթացքին ձիթենիի ճիւղերը օրհնուեցան եւ աւարտին մանուկներու թափօր կատարուեցաւ։
 Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Տերիքի մանուկները Ծաղկազարդի տօնին առիթով նուէրներ ստացան Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդութեան կողմէ, բարերարութեամբ՝ Թիթառ Սարգիսեանի։
ԼԱԹԱՔԻԱ
Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան, հաւատացեալներու հոծ ներկայութեամբ։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ մանուկներու օրհնութեան թափօր։
ՔԵՍԱՊ
Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան։ Ձիթենիի ճիւղերը օրհնուեցան։ Պատարագէն ետք, մանուկներու օրհնութեան թափօր կատարուեցաւ։