Երկուշաբթի, 29 Մարտ 2021-ի երեկոյեան, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջ. Վարչութեան կազմակերպած «Մայրերու Օր»ուան տօնակատարութիւնը, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի:
Հայերէն բացման խօսքով ընկհ. Շողիկ Տ. Պօղոսեան շնորհաւորեց ու գովերգեց մայրութիւնը, մայրը նմանցնելով գեղեցիկ յոյզերու ու սիրոյ շտեմարանի:
Ան ըսաւ, որ մայրը Աստուծոյ կողմէ շնորհք, պարգեւ ու պատիւ է: Ան կը հսկէ զաւակներու մարմնաւոր, հոգեւոր ու մտաւոր աճման, որոնք կը մղեն զաւակը արիաբար հայրենիքը պաշտպանելու, սիրելու եւ անոր ծառայելու: Ապա անդրադարձաւ «ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» կարգախօսին լոյսին տակ ՀՕՄ-ի ու ՍՕ Խաչի առաքելութեանց:
Արաբերէն խօսքով հանդէս եկաւ ընկհ. Սիլվա Նազարեան, որ շնորհաւորեց մօր տօնը եւ անդրադարձաւ անոր անսահման նուիրումին ու տաքուկ գրկին, այնուհետեւ սիրոյ ջերմ ողջոյններ ուղղեց Սուրիոյ Առաջին Տիկնոջ Ասմա Ալ Ասատին եւ բոլոր նահատակներու մայրերուն:
Օրուան հանդիսավար ընկհ. Լենա Էլէյճեան բեմ հրաւիրեց ընկհ. Մարինէ Մարգարեանն ու օր. Կասիա Պաղտիկեանը, որոնք հերթաբար յուզեցին ներկաները իրենց դիւթիչ ձայնով արաբերէն եւ հայերէն մեներգներ հրամցնելով:
Այնուհետեւ ընկհ. Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան գեղեցիկ առոգանութեամբ ասմունքեց  Յովհաննէս Շիրազի «Երկու Սրտանի Արծիւը», ներկաները աղերսելով մօր զգացումներուն  եւ ապրումներուն։
Օրուան բանախօսն էր «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Չիլ Աբօշեան-Պօղիկեան:
Ան անդրադարձաւ հայկական իրականութեան մէջ կնոջ ու մօր դերին, սկսելով հեթանոսական ժամանակներէն, երբ կինը մեր ժողովուրդին մօտ կը համարուէր ընտանիքին սիւնը, իսկ հայ պատմիչ Ագաթանգեղոսին վկայութեամբ՝ նախաքրիստոնէական շրջանին հայ կինը կը համարուէր «մայր աղբիւր», «կենսատու», «շունչ եւ կեանք»:
Ապա ներկայացուց հին հայկական իրաւական փաստաթուղթերուն մէջ կանանց ու տղամարդոց իրաւունքներու հաւասարութեան առնչուող արձանագրութիւններ: Օրինակներ բերելով ան յիշեց Վաչական թագաւորի «Կանոնագիրք»ը, իսկ միջնադարուն Մխիթար Գոշի «Հայոց Դատաստանագիրք»ը, աւելի ուշ Շահամիր Շահամիրեանի «Որոգայթ Փառաց» գիրքին մէջ եղած արձանագրութիւնը եւ վերջապէս՝ Կոստանդնուպոլսոյ «Ազգային Սահմանադրութեան» ներածութեան մէջ արձանագրուած կիներու շարք մը իրաւունքներ՝ տղամարդոց հետ հաւասար կրթութիւն ստանալու, ընկերային ապահովութեան, հասարակական ՝ քաղաքական գործունէութիւն ծաւալելու եւ այլն: Ապա հասաւ ՀՀ ներկայ Սահմանադրութեան 14.1 յօդուածին, որուն ընդմէջէն կ’ամրագրուի կնոջ իրահաւասարութիւնը, դիտել տալով որ ՀՀ Սահմանադրութիւնը հիմնուած է ոչ թէ այլ երկիրներու սահմանադրութիւններուն, այլ փաստօրէն հայ իրաւական մտքի պատմութեան վրայ:
Պօղիկեան այնուհետեւ անդրադարձաւ կնոջ մասնակցութեան հայ քաղաքական եւ հասարակական կեանքին, դիտել տալով որ 28 Մայիս 1918-ին Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը աշխարհի առաջին պետութիւններէն էր, որ կիներուն տուած էր ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունք: Առաջին Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամավորներուն 8%-ը կիներ էին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունէր նաեւ կին դեսպան:
Ապա նկատել տուաւ, որ ՀՀ եւ Արցախի ներկայ հանրապետութեանց Ազգային ժողովներուն եւ կառավարութեանց մէջ ներառնուած են մեծ թիւով կիներ:
Պօղիկեան այնուհետեւ լուսարձակի տակ առաւ կնոջ դերը խաղաղութեան ու պատերազմի օրերուն, մէջբերելով Զ. Եսայեանի հետեւեալ խօսքը. «Յայտնի է թէ տիեզերական խաղաղութիւնը իրագործել մէկ քանի տարուան խնդիր չէ, պէտք է որ անկախ մնացած վէճեր եզրակացութեան մը յանգին: Հարկ է որ քաղաքական եւ ընկերական շատ մը անարդարութիւններ լուծում գըտնեն, ազգերու այլազանութիւնը փոխանակ փոխադարձ թշնամութեան պատճառ մը դառնալու, ընդհանուր ներդաշնակութեան տարր մը դառնայ. իւրաքանչիւր ազգ եւ հատուած պահելով եւ ստանալով իր ինքնուրոյն յատկութիւնները եւ յեղաշրջուելով ազատօրէն: Յամառ, համբերատար գործ մը կայ կատարելիք մարդկային դատիարակութեան մէջ եւ այդ գործը գերազանցապէս կնոջ յատուկ է»: Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ Եսայեան միեւնոյն ատեն կը հաստատէ, որ թէեւ կինը անհաշտ է բըրտութեան եւ վայրագութեան հետ, սակայն պատմութեան մէջ կը տեսնենք որ ան գործուն դերով մը, արիաբար մասնակցած է այն պատերազմներուն, որոնք ինքնապաշպանութեան դրդումով եղած են, այստեղ բանախօսը յիշեց Սօսէ Մայրիկը, Գէորգ Չաուշի հաւատարիմ զինակիցը՝ Եղսօն, Մարօ Մակարեանը, Սաթօ Օհանջանեանը, ապա նաեւ Արցախի երեք պատերազմներուն ընթացքին հայրենի հողին ու հայ ընտանիքին, մշակոյթին համար մղուած պատերազմներուն հայ կնոջ մասնակցութիւնը եւ հայ մօր հայրենի հողին որդիները նուիրելու արիութիւնը եւ այլն: Այլ պարագաներու տակ, դիտել տուաւ բանախօսը, կինը միշտ խաղաղութեան կողմնակից եղած է ու խաղաղութեան մէջ ծաղկած ու ծաղկեցուցած է իր ազգն ու միջավայրը:
Բանախօսը այնուհետեւ լուսարձակի տակ առաւ հայ կնոջ կամաւոր ծառայութիւնը հայ կեանքի բարւոք զարգացման ի նպաստ, գրող-մտաւորական կիներու օրինակներ բերելով, կնոջ մարդասիրական կազմակերպութիւններու անդամակցութիւնը կարեւոր համարելով, եւ վերջապէս բարեսիրական միութիւններու ճամբով կնոջ արդիւնաւէտ աշխատանքին ակնարկելով: Այստեղ ան օրինակ բերաւ ՀՕՄ-ը, որ աշխարհասփիւռ իր մասնաճիւղերը մեղուափեթակի վերածած օրն ի բուն կը ծառայէ մեր ժողովուրդին, ուր ալ գտնուի ու ինչպիսի դժուարութեանց մէջ ալ յայտնուի ան, օրինակ բերելով Արցախի մեր ժողովուրդին օժանդակութիւնը թէ՛ «Սօսէ» մանկապարտէզներու ցանցին հաստատումով, թէ՛ որբախնամ իր ծրագիրներով, եւ թէ՛ Արցախի հայ կնոջ համար աշխատանքի բազմապիսի ասպարէզներու ստեղծումով, ապա յիշեց նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի տագնապներուն լոյսին տակ ՀՕՄ-ի օժանդակութիւնը Սուրիոյ եւ Լիբանանի համայնքներուն եւ այս հսկայ կազմակերպութեան նպաստը հայ կեանքի բարեսիրական, կրթական եւ առողջապահական ոլորտներուն:
Բանախօսը յատկապէս անդրադարձաւ Սուրիոյ պատերազմի եւ համաճարակի պայմաններուն մէջ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի ծառայողական աշխատանքներուն, վեր առաւ սուրիահայ կնոջ արդիւնաւոր դերը հայ կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ եւ ըսաւ.
«Ներկայ աշխարհին մէջ, համաշխարհային մոլորեցնող մշակոյթի մը զօրեղ ազդեցութեան ենթակայ է նաեւ հայ կինը, ինչպէս նաեւ այն բոլոր հոսանքներուն ազդեցութեան, որոնք երբեմն ազգային գաղափարախօսութիւնը կը ներկայացնեն իբրեւ ծայրայեղութիւն, իրաւունքներու պաշտպանութիւնը խաղաղութիւնը խոչընդոտող շարժում, անձնական ազատութիւնը մեր արժեհամակարգին հետ խոտոր համեմատող բարոյական անկումը կը համարեն, բնականաբար անձնատուութեան առաջնորդելու յատկապէս տարածքով փոքր ու տնտեսական դժուարութիւններ դիմագրաւող երկիրներու ժողովուրդները, անոնց խոստանալով տնտեսական աւելի փայլուն ապագայ, այնպէս ինչպէս արաբական երկիրներուն կը խոստանային ժողովրդավարութեան յաղթանակ ու քարուքանդ ընելով գերտէրութիւններու կերը կը դարձնէին այդ երկիրները: Հետեւաբար, հարկ է որ հայ կինը ըլլալ զգոյշ ու գտնէ ոսկէ միջինը, յառաջացած երկիրներու ազատախոհական գաղափարները յարմարցնելով իր աւանդոյթներուն՝ ինքնզինք, իր ընտանիքն ու ընկերութիւնը զարգացնելով, ոչ թէ քայքայելով զանոնք»:
Պօղիկեան իր խօսքը եզրափակեց վերջերս մահացած եգիպտացի գրող, թարգմանիչ, բժշկուհի Նաուալ Սատաուիի հետեւեալ խօսքով.
«Կինը ստրկամտութենէն ազատագրելը քաղաքական հարց կը համարուի առաւելաբար, այս ազատագրումը կ’առնչուի ոչ միայն ընկերութեան կէսը հաշուող կնոջ կեանքին, այլ ողջ ընկերութեան կեանքին… որովհետեւ կնոջ ստըրկամտութիւնը իր ազդեցութիւնը կ’ունենայ տղամարդոց վրայ, մանուկներուն վրայ, հետեւաբար կ՛առաջնորդէ ողջ ընկերութեան ստրկամտութեան»:
Այնուհետեւ ներկաները փոխադրուեցան Մոկաց աշխարհ, հաճելի վայրկեաններ ապրելով Համազգայինի «Շուշի» պարախումբի «Մոկաց Հարսներ» պարին ներկայացմամբ:
Շրջ. Վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենապետուհի ընկհ. Սեդա Կէրկէրեան:
Ան շնորհաւորեց բոլոր մայրերն ու ներկաները, անդրադարձաւ մօր նուիրումին ու գովաբանելով անոր հեզ հոգին, հայրենասիրութիւնը, արժեւորելով մանաւանդ Արցախեան պատերազմի օրերուն հայ մայրերուն դաստիարակած կորիւններուն նահատակութիւնը:
Կէրկէրեան լուսարձակի տակ առաւ ՍՕ Խաչի գործուն մասնակցութիւնը մեր հաւաքական կեանքին՝ սուրիահայ ու մանաւանդ Արցախի հայ գաղթական ընտանիքներու օժանդակութեամբ:
Ապա ան քաջառողջութիւն մաղթեց խաչուհիներուն, որպէսզի միասնաբար ձեռք-ձեռքի շարունակեն իրենց նուիրական ծառայութիւնը:
Այս առիթով ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը բարձրագոյն «Կանթեղ» շքանշանով գնահատեց վաստակաշատ այն ընկերուհիները, որոնք իրենց ծնողական ու այլազան պարտականութեանց կողքին եղած են «մշտարթուն կանթեղներ»:
Սրբազան Հօր ձեռամբ պարգեւատրուեցան հետեւեալ ընկերուհիները՝ Մարալ Տիքպիքեան, Թալին Մինասեան, Սիրան Ամպարճեան, Զեփիւռ Աւագեան, Մարալ Սեմէրճեան, Սիլվա Թովմասեան, Թագուհի Գաբրիէլեան եւ Սիւզի Տէկիրմէնճեան։
Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց թեմի Առաջնորդը, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց մեծաթիւ մայրերու ներկայութեան համար եւ ըսաւ.
«Առանց մօր մեր կեանքը կը նմանի առանց դրան տան մը: Մայրն է որ կը պաշտպանէ, կը խնամէ իր ընտանիքը: Քրիստոնէական հաւատքին առաջին վկաները կիներն էին, որոնք խունկը եւ իւղը շալկած գացին Քրիստոսի գերեզմանը եւ Անոր Յարութեան վկաները դարձան, լոյսը տեսան: Այսպէս արժեւորեց Աստուած կինը՝ անոր տալով վկայութեան պատիւը, երթալու եւ ողջ մարդկութեան այդ վկայութիւնը տալու: Իսկ մենք եղանք լոյսի որդիներ, որպէս հայ ազգի զաւակներ այդ լոյսը կրեցինք քրիստոնէութիւնը ընդունելով ու պահեցինք զայն Աւարարայրով, Տէր Զօրով:
ՀՕՄ-ը հայ կեանքին մէջ եղաւ մայրը մեր ժողովուրդին թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ Սուրիոյ տագնապալի օրերուն:
Սուրիահայ օգնութեան Խաչը եւս նուիրումով ծառայեց, վկայ պարգեւատրուող այս խաչուհիները այսօր»:
Անդրադառնալով կամաւորաբար ծառայող խաչուհիներուն, սրբազան հայրը ըսաւ, որ Միջին Արեւելքի մէջ ծառայութիւնը դիւրին չէ, որովհետեւ անոնք կը ծառայեն կենցաղային, պատերազմական ծանր պայմաններու մէջ:
Ապա ան շնորհաւորեց բոլոր մայրերը, նաեւ իր մայրը, որ ներկայ էր ձեռնարկին, շեշտելով, որ իր մայրը եւս անդամ է Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան եւ  փոքր տարիքէն իրեն սորվեցուցած է ծառայելու արժէքը: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց  նաեւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչն ու պարգեւատրուող խաչուհիները Մայրերու տօնին առիթով, դիտել տալով որ Բերիոյ Թեմէն ներս կինը ներգրաւուած է բոլոր ազգային մարմիններուն մէջ, Ազգային Վարչութենէն սկսեալ:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ՍՕԽ-ի քայլերգով: