«Հայր Աստուած, մեր հայրը, որ երկինքն ես, տէր Յիսուս, որդի Աստուծոյ, փրկիչ աշխարհի, գլուխն եկեղեցիի, հոգին սուրբ Աստուած, մեր կենարար առաջնորդը, մխիթարիչը, սրբացնողը, տէրը եւ կեանք պարգեւողը, քեզի կը նուիրենք աղօթքի այս տունը»:
Նուիրման փոխասաց այս խօսքերով Կիրակի, 21 Մարտ 2021-ին կէսօրուան ժամը 12.00-ին, հալէպահայ ժողովուրդը վերանորոգուած Հայ Աւետ. Բեթէլ Եկեղեցին վերընծայեց Տիրոջ:
ՀԵԸ-ի փողերախումբին նուագակցութեամբ հրաւիրեալները մուտք գործեցին եկեղեցի: Եկեղեցիէն ներս պաշտամունքի նախանուագը կատարեց օրդ. Ռուզան Պարսումեան: Վերընծայման Պաշտամունքին իրենց ներկայութիւնը բերած էին Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխաններ, Հալէպ Քաղաքի Խորհուրդի նախագահը, Հալէպ նահանգի նախագահը, Հալէպի մուֆթիի ներկայացուցիչը, փոխոստիկանապետը, Հալէպի հայ եւ քրիստոնեայ համայնքապետները, սուրիական զբօսաշրջութեան գրասենեակի պետը, Հալէպի առեւտրական գրասենեակի նախագահը, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու, բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչները, համայնքի ներկայացուցիչները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։
Պաշտամունքին կոչը ուղղեց Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեան: Արաբերէնով աղօթք մատուցեց Հալէպի Արաբ Աւետ. Եկեղեցիի հովիւ՝ Վեր. Իպրահիմ Նսէյր:
 
Ապա արաբերէնով բարի գալուստի խօսքը եւ օրուան խորհուրդը արտասանեց Վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան:
Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Միացեալ երգչախումբը, պարբերաբար մեկնաբանելով «Մաղթանք Եկեղեցւոյ Համար», «Ով Աստուած Բարձրացիր Երկինքին Վրայ» հոգեւոր երգերը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ տիկ. Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի:
 
Այնուհետեւ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան փուլերը ներկայացնող տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ:
Պաշտամունքին միասնաբար արտասանուեցաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Հաւատոյ Հանգանակը:
Աստուածաշունչի (Ա. Կորնթ. 3.10-17, Մատթ.7.21-27) համարներէն հայերէնով ընթերցեց տիար Շանթ Ակիշեան, իսկ արաբերէնով՝ Վեր. Պշարա Մուսա Օղլի:
Վերանորոգուած Հայ Աւետ. Բեթէլ եկեղեցին նուիրման փոխասաց ընթերցանութեամբ եւ աղօթքով Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեան, որմէ ետք Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան հանգամանօրէն կատարեցին վերընծայման յայտարարութիւնը:
Դասական եւ հայկական երաժշտութենէն կտորներ նուագեց Լարային հնգեակը, կատարողութեամբ՝ Դաւիթ Մելքոնեանի, Մասիս Արսլանեանի, Շահէ Աւագեանի (Ա.ջութակ), Սարգիս Աւագեանի (Բ. ջութակ) եւ Կարօ Արսլանեանի (թաւ ջութակ):
Վերընծայման Պաշտամունքին Աստուծոյ խօսքին պատգամը փոխանցեց Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ Վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան: Վերապատուելին հիմնուելով Աստուածաշունչի (Ա. Կորնթ. 3.10-17, Մատթ.7.21-27) համարներուն ըսաւ. «Փոթորիկները տեսակաւոր են կեանքի բոլոր ժամանակներուն եւ եղանակներուն մէջ: Ինչպէ՞ս դիմակայել զանոնք: Սոյն ճշմարտութիւնը կախեալ է, մեր յարաբերութիւններէն, հասկացողութիւններէն, համոզումներէն ու ըմբռնումներէն, աշխատանքի ոճէն ու մտածելակերպէն, թէ ի՞նչ հիմերու վրայ կառուցած ենք զանոնք՝ ժայռի՞ վրայ թէ աւազի»: Ապա ան աւելցուց. «Եկեղեցիի շինութիւնը կեանքի շինութիւն է: Կեանքի կառուցումը շարունակական գործընթաց է:
 
Եկեղեցիի շինութիւնը ի՞նչ հիմք ունի իր մէջ: Հետեւելով Տէր Յիսուս Քրիստոսի խօսքերուն՝ որքանո՞վ կիրառելի է մեր յարաբերութիւններուն եւ ազգային առաջնահերթութիւնները: Ուստի դարեր շարունակ եկեղեցին դարձած է այն ապաստանը, ուր պաշտպանած է իր հաւատացեալները հոգեւոր ցուրտէն` ունենալով իր ուրոյն դերը հայ քրիստոնեայի անբիծ ու անարատ հոգին եւ անոր քրիսոնէավայէլ մաքրակենցաղ պատկանելիութիւնը դրոշմելու, նոյնիսկ հայրենիքէն հեռաւոր վայրերու մէջ»:
Եզրափակելով Վեր. դոկտ. Սելիմեան ըսաւ, որ Հայ Աւետ. Բեթէլ եկեղեցւոյ վերընծայման ուրախալի առիթը ուխտի նորոգութեան եւ յանձնառութեան արտայայտութիւնն է:
Ուխտի նորոգութիւն՝ եկեղեցւոյ հիմնադիրին, գլուխին եւ անկիւնի քարը եղող Տէր Յիսուս Քրիստոսի անձին հանդէպ, ինչպէս նաեւ ո՛ւխտ է մարտիրոսութեան՝ օծուած մեր նահատակներուն արեամբ:
 
Վեր. Եուսէֆ Ճապպուր ընթերցեց Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան փոխանորդ դոկտ. Պաշշար Ճաաֆարիին ուղարկած շնորհաւորական գիրը: Եկեղեցւոյ վերընծայման ուրախ առիթով շնորհաւորագրեր ուղարկուեցան Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Միութեան նախագահ՝ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանէն, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէնէն՝ Տիար Զաւէն խանճեանէն, Հայ Աւետ. Համաշխարհային Խորհուրդի գործադիր տնօրէնէն՝ Վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեանէն, Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի նախագահէն՝ Վեր. դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանէն եւ այլ միջազգային ու եկեղեցական կազմակերպութիւններէ:
Ներկաները ունկնդրեցին հեռաւոր Հոլանտայէն (Առցանց) Արմանի Հերա Սելիմեանին մեկնաբանած «Տէրունական Աղօթք»-ը, հեղինակ՝ Albert Hay Malotte, մշակում եւ նուագակցութիւն՝ տիկ. Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեան:
 
Հայ Աւետ. Բեթէլ Եկեղեցւոյ Վերընծայման Պաշտամունքը իր աւարտին հասաւ հայ երեք համայնքապետներու առաքելական օրհնութեան աղօթքներով:
 
Յետ պաշտամունքին, հրաւիրեալները ուղղուեցան «Շիրաճեան» սրահ, ուր հատեցին աւուր պատշաճի կարկանդակը եւ ապա տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն:
 
 
Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան