Կրօնական շրջագիծին մէջ կամ այդ հասկացութեամբ պիտի չփորձեմ պատասխանել վերոնշեալ հարցադրումներուն: Շարժառիթը այս գրառումիս այն պատեհութիւնն էր, որուն ընթացքին կարգ մը բարեկամներ հարց տուին ըսելով, թէ ինչո՞ւ պարտք կը զգաս եւ մահագրութիւն կը գրես սիրելիի մը յիշատակին։ Նման ընկերներու պատասխանս մէկ է, եւ այդ մէ՛կը հրապարակային ձեւով կ’արտայայտեմ, որպէսզի յստակացնեմ հարցադրումին տուն տուող պատճառները, այդ կապակցաբար պարզաբանելով համոզումներս, յանձնելով զանոնք մեր հասարակութեան ուշադրութեան։
Այսպէս, Հայ ժողովուրդը թերեւս այն սակաւաթիւ ազգերէն է, որ ծայր աստիճան յարգանք կը տածէ ննջեցեալին նկատմամբ, եւ ամէն միջոցի կը դիմէ անոր յիշատակը յաւերժացնելու համար։ Մեզի համար շիրիմը սրբավայր է, սոսկ քարէ կոթող մը չէ։
Աւելի՛ն, աճիւնները մասունքի համազօր են եւ գերեզմանները հաւաքական յիշողութեան շտեմարաններ։
Ճիշդ այդ պատճառով ալ բարբարոսները երբ կը նուաճեն հայրենիքդ, առաջին հերթին կը պղծեն գերեզմաններդ, ջանալով ոչնչացնել բնիկ հաւաքականութեան մը դարերով, խնամքով պահուած այդ յիշատակարանը՝ խորտակելով յիշողութեանց շռնդալից վկայութիւնները։
Ննջեցեալի գերեզման այցելելը մեզի համար պարտադիր հանգամանք է։ Ճիշդ այդ պատճառով տօնական տաղաւարներու յաջորդ օրը՝ Երկուշաբթի օր, մեռելոց հռչակած ենք։
Աւելին, հալէպայերէս ո՞վ չի յիշեր ծովածաւալ բազմութիւնը, որ սեւազգեստ, ամէն շաբաթ երեկոյեան, իր ննջեցեալներու շիրիմները կ’այցելէր, մոմավառութեամբ եւ խունկ ծխելով գերեզմաններու գլխուն, ողբալով սիրելիի մը յիշատակը։
Այնքա՜ն աչքառու կ’ըլլար սգակիրներու շարանի ճապալ Սայտէի (Խորթլախ տաղ)ի  բարձունք մագլցելու պատկերը, որ կը յիշեցնէր կուպրի լիճի մը տեսքով մարդկային ալիքաւորումներ: Այդ «վշտի շքերթը» նոյնիսկ օտարազգի մարդկանց ակնածանքին եւ յատուկ ուշադրութեան կ’արժանանար։
Բոլորս ալ երբ պատահի Տիրոջ հրամանը եւ հողին յաձնենք սիրելի մը, օր առաջ կ’ուզենք մեր ննջեցեալին գերեզմանը տապանաքարով մը օժտել, որպէսզի սոսկ ցուրտ հողակոյտի մը մէջ, անյիշատակ եւ անմնացորդ չմնայ՝ իր յաւիտենական դրոշմով «անշարժ պահեայ» նոր տունը։ Գէթ այդ ձեւով իր յաւիտենական երթին ինքնութեանը ճանաչողութեան «այցեքարտ» մը օժտելով առյաւէտ ճամբորդին, ձեւով մը լիացնելով մեր հոգիին պարտքը։ Աւելին, կը փորձենք մեր լաւագոյնը ընել եւ փարթամ դամբարան սարքել իր «նոր հանգստարանին»։
Ամէն անհատ, իրեն ընձեռուած կարելիութիւններով, կը փափաքի վերջին հրաժեշտը տալ սիրելիի մը, նոյնի՛սկ հազարաւոր մղոններ կըտրելով, օրին եւ ատենօք կը փորձէ հասնիլ անոր յուղարկաւորութեան։
Ուրիշներ հերթով ծաղկեպսակ կը զետեղեն, իսկ ոմանք՝ կենացներ կը խմեն, պանծացնելով հանգուցեալին յիշատակը։ Ոմանք ալ դամբանականներ կ’արտասանեն՝ վեր առնելով հանգուցեալին բարեմասնութիւնները։
Մեր մօտեցումն ալ նոյնիմաստ մեկնակէտ ունի, թուղթին յանձնելով մեր յիշատակները ու տպաւորութիւնները մեզմէ առյաւէտ բաժնուած սիրելիներուն, կ’աշխատինք պատշաճութեան սահմանին մէջ, փոխան ծաղկեպսակի մեր ճիտին պարտքը տալ, հանգամանաւոր հրաժեշտ տալով յաւիտենականութեան սլացող ուղեւորին, խնդրելով հոգիին խաղաղութիւն ու լուսաւորութիւն։
Այդ հոգեկան բաւարարութիւնն է, որ մեր սրտերը կը մխիթարէ եւ կ’ամոքէ յաւէտ կորուստի մը վիշտը, յագեցնելով մեր մէջ կուտակուած սիրոյ եւ յարգանքի զգացումները:
Թող որ անխափան շարունակենք այս աւանդոյթը, ամէն ոք ձեռընտու միջոցով մը, բանաւոր, գրաւոր, ծաղկեպսակով եւ կամ նուիրատուութեամբ մատուցէ իր խղճին պարտքը անբաղձալի այս տարերքին, յաւերժացնելով մեր ննջեցեալներուն յիշատակը։
Սիրելինե՛ր, երբեք ցաւ չտեսնէ՛ք եւ մնացէ՛ք միշտ առողջ ու անսասան։
24 Մարտ, 2021- Թորոնթօ
ժան Հալլաճեան