Ինչ մեծ տարածութիւն է նեղ կուսակցականութենէն մինչեւ ազգային լայն բովանդակութիւնը:
Զարհուրելի բան է: Բայց պարտադրուած է:
Մենք միշտ գոյատեւած ու յառաջդիմած ենք իբրեւ աշխատունակ ժողովուրդ՝ յաճախ աւերակի վերածուող մեր երկիրը անդադար շէնցնելով ու վերակառուցելով: Այսօր քանդուածը վաղը ո՞վ պիտի վերաշինէ, եթէ խեղուի աշխատունակ հայ ժողովուրդը:
Աշխատանքը բացի արժէքներ ստեղծող գործունէութիւն ըլլալէ, ինքնին արժէք է, որովհետեւ կ’ոգեղինացնէ նիւթը:
Ինչո՞ւ կարելի չեղաւ «մէկ ազգ, մէկ հայրենիք» հրաշալի տարազին իրագործման առողջ ուղին գտնել: Միասնաբար անկարելի կամ դժուա՞ր էր արդեօք հայ ազգային իտէալներուն շուրջ համահայկական հասկացողութեան յանգիլ եւ ըստ այնմ գործել:
Միասնականութեան այս մթնոլորտը ցարդ կարելի չեղաւ ստեղծել հիմնական մէկ պատճառով, որմէ կը բխին մնացեալ բոլոր տարակարծութիւնները:
Հայաստանի նոր իշխանաւորները, իշխանութեան հասնելէ անմիջապէս ետք, սկսան զարգացնել այն տրամաբանութիւնը, որ հայրենաբնակ ժողովուրդի ճակատագրին տնօրինումը, արտաքին քաղաքական ուղղութեան ճշդումը եւ տնտեսական ու ընկերային բարեկարգութեանց վճռահատումը մենաշնորհն են միա՛յն «ազգընտիր» իշխանութեանց:
Մեր ժողովուրդը պէտք է առաւել քան երբեք զգօն ըլլայ եւ թոյլ չտայ, որ առանձին ուժերու քաղաքական անհասութիւնը կամ սեփական դիրքերու կորուստի վախը պարտադրէ ինքնաոչնչացման ճանապարհը:
Անցեալի ոգեկոչումը պէտք է ուղղորդէ մեզ ապագայի կերտումին, եւ ապագայի կերտման մեր գըլխաւոր ելակէտը պէտք է ըլլայ այն հաստատ համոզումը, որ թոյլ պիտի չտանք անցեալի սխալներու կրկնութեան:
Հայաստանի անկախութեան ամրապնդման համար իսկ՝ հացի ու լոյսի չափ մենք պէտք ունինք ազգային գաղափարախօսութեան արմատաւորումին:
Նոր եւ ազգային քաղաքականութեան եւ անոր ծնունդին համար կենսական պահանջ դարձած է նոր ազգային մտածողութեան ձեւաւորումը՝ իբրեւ գործելակերպի ուղեցոյց եւ նոր պետականութեան կերտման ուղենիշ:
Առաջնորդուելով իշխանատենչութեամբ եւ նիւթապաշտութեամբ, կը շահարկուին ազգային խնդիրներու լուծման եւ հասարակական-քաղաքական արմատական վերափոխումներ իրականացնելու ժողովրդական տրամադրութիւնները:
Իսկ նուաճումներն ու ձեռքբերումները անհամեմատ խեղճուկ են ճակատագրական նշանակութիւն ունեցող եւ անվերականգնելի կորուստներու դուռ բացած սխալներու եւ թերացումներու կուտակման դիմաց:
Ինքնակազմակերպման յստակ կառոյցներ ստեղծելու եւ համապատասխան գործունէութիւն ծաւալելու համար, անհրաժեշտ է մեր կեանքի զոյգ բաղկացուցիչներու՝ «Միջավայրի» եւ «Մարդու» միջեւ լիակատար համապատասխանութիւն հաստատել, այսինքն տարածքի վրայ ապրող մարդուն մէջ ստեղծել տանտէրի հոգեբանութիւն, որ ապաւինած պիտի ըլլայ նաեւ տարածքային իշխանութեան՝ զինք եւ իր իրաւունքները պաշտպանելու անկողմնակալ իրաւական համակարգին:
Ժառանգենք մեր հարուստ ու բազմափորձ անցեալին լաւը, քաղաքակիրթը, խորքայինը եւ յաղթականը: Մերժենք այն վատը, սխալը, պատրանքայինը, պարտուողականը:
Մենք ունինք անհամեմատելի առանձնայատկութիւնը գոյատեւելու:
20-րդ դարուն մէկէ աւելի անգամներ պետական անկախութիւն հռչակած հայութիւնը, վկայութիւնն է մեր անկոտրելի հաւաքական կամքին՝ ապրելու ազատ, սեփական հողի վրայ:
Այս ճգնաժամի ոլորապտոյտէն դուրս գալու համար մեզմէ իւրաքանչիւրը իր լուման պիտի ձգէ գործի, արդիւնաբերութեան եւ գիտութեան գանձանակին մէջ:
Պարգեւ Աւագեան