«Արցախփրէս».- Ամերիկացի քոնկրէսականները կոչ ուղղած են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարձակումէն վերջ ԱՄՆ օգնութենէն աւելի քան 100 մլն տոլար յատկացնելու Հայաստանին եւ Արցախին: «Մենք կ’ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել քոնկրէսականներ Փալոնէին, Շփեյերին եւ Շիֆին ու անոնց գործընկերներուն Արցախի եւ Հայաստանի համար օգնութեան այս փաթեթի յառաջմղումին համար` ի պատասխան Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումին հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական եւ անվտանգութեան ճգնաժամին», ըսած է ANCA-ի ղեկավար Արամ Համբարեան:

Քոնկրէսականներ Ֆրենք Փալոնէի, Ճէքի Շփեյերի եւ Ադամ Շիֆի օրինագիծով հետեւեալ առաջարկները տրուած են.

Լեռնային Ղարաբաղի հայ ժողովուրդին ուղղակի օգնութեան յուսալի տնտեսական օգնութիւն վերակականգնումի գործին մէջ, ներառեալ անհրաժեշտ բնակարաններու, պարէնային անվտանգութեան, ջրամատակարարման, բժշկական եւ փախստականներու օգնութեան, վերականգնողական եւ ենթակառուցուածքային կարիքներուն համար:

2 միլիոն տոլար` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սովորական սպառազինութեան ոչնչացման ծրագիրներուն համար:

Պետքարտուղարութեան եւ USAID-ի միջոցով Հայաստանին 100 մլն տոլարի օգնութիւն տնտեսութեան, կառավարման, օրէնքի գերակայութեան եւ անվտանգութեան ոլորտէն ներս:

ԱՄՆ-ի ամբողջ օգնութեան դադրեցում Ատրպէյճանին  մինչեւ  Հայաստանի եւ Արցախի վրայ բոլոր յարձակումներու դադրեցումը հաստատուի: