«Արմէնփրէս».- Մոսկուայի մէջ 1 Ապրիլին Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան արտաքին գործոց նախարարներու նիստին տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ` Արա Այվազեանին եւ Սերկէյ Լաւրովի հանդիպումը: Կողմերը քննարկած են Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն` 9 Նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 Յունուար 2021-ի համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը:
Յատուկ ուշադրութեան առկայ դարձած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական արձագանգումի արդիական հարցերուն, տարածաշրջանի մէջ տնտեսական եւ երթեւեկային կապերու ապաշրջափակումին:
Նախարարները միտքեր փոխանակած են հայ-ռուսական գործակցութեան արդիական հարցերուն՝ բարձր մակարդակով կապերու, երկու պետութիւններուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեայ յոբելեանի նախապատրաստական աշխատանքներուն շուրջ:
Դիտարկուած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող միջազգային օրակարգի յատուկ նիւթեր: