Բէմէն անունս կը կանչուի, հօրենական մականունովս՝ ինչպէս որ կը կանչուէի մանկութեանս, սկաուտական շարքերուն մէջ՝ որպէս արծուիկ եւ պատասխանատու քոյր։
Բեմահարթակը պարզ ու գեղեցիկ, հայաբոյր գոյներով եւ նախշերով զարդարուած է։ Հայ մօր, աւելին՝ հայ ծառայասէր մօր նուիրուած ջերմ մթնոլորտ մը կը տիրէ սրահին մէջ։ Խաչուհիներ, տարիներ շարունակ իրենց խղճին ու ազգասիրութեան ձայնին անսալով, ինքնամոռաց, գիտակցաբար կը շարունակեն ծառայութեան խաչը կրել եւ իւրաքանչիւրը իր կարգին, որպէս խաչակիր, կը փոխանցէ զայն իր յաջորդին։
Աղուիթանի ծառայութեան ու գթասրտութեան, օրինակելի կեանքին ուղիով ճամբայ ելած Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը ոչ-քարաշէն դպրոց մըն է, հայ հոգիին ու մտքին եւ հայուն ծառայասէր նկարագրին ոգեղէն դարբնոցն է, ուր շա՜տ-շատեր ինչպէս՝ մայրս, քոյրս, մօրաքոյրներս, նոյնիսկ մեծ մայրս, դրացիներս եւ փափկասուն խաւի ողջ շրջապատս, կերտուած եւ փորձառութիւն ձեռք բերած են իրենց աշխատանքին ընդմէջէն։ Անոր շարքերուն մէջ հայ կինը սրտի անհուն ուրախութեամբ կը վազվզէ, կը ծառայէ, առանց ակնկալութեան, մեկնելով իր հաւատքէն, իր սկզբունքներէն, հետեւելով իր նախնիներու օրինակին։ Ապրելով կեանքի դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները անոր մէջ շեշտադրուած կը մնան գթութեան եւ կարեկցանքի մայրական զգացումները՝ քրիստոնէական ոգիով գործելու եւ անանձնական սիրով ծառայելու։
Աստիճաններէն ոտքերս էին, որոնք բեմ կը բարձրանային, մինչդեռ ես՝ ողջ էութեամբս փոխադրուած էի Ազգ. Սահակեան վարժարանի շրջափակ, ուր պատրաստ կեցած էի դրօշակի արարողութեան։
Մանուկ հասակէս, կիրակի առաւօտները հոգիիս մէջ դրոշմուած ՍՕԽ֊ի քայլերգը երգելով դրօշակի արարողութեան ներկայ կ՚ըլլայի։ «Պատուի կա՛ց» կ՚ազդարարէին, ու ես, կարմիր եւ կապոյտ երիզներ կրող սկաուտական տարազով, ՀՄԸՄ-ի շուշանածաղիկը կրող սկաուտական գլխարկով, մէջքիս ալ ՍՕ Խաչի նշանակը կրող գօտիով զրահուած կը կանգնէի կազմ ու պատրաստ։
ՍՕԽ֊ի եւ Սուրիական հայրենիքի զոյգ դրօշները կը բարձրանային դէպի երկինք ու այնտեղ ազատօրէն կը ծածանէին, իսկ մենք՝ «Պատուի ա՛ռ»ի պատրաստ, բարձրաձայն եւ սրտանց կ’երգէինք ՍՕ Խաչի քայլերգը եւ «Ո՛վ Հայ Արի»ն։
Ո՛չ ցուրտը, ո՛չ տաքը, ո՛չ անքուն գիշերները, ո՛չ դպրոցական յանձնարարութիւնները, ոչ ալ համալսարանի պահերն ու ճամբորդութիւնները կրնային արգելք հանդիսանալ մեր ներկայութեան։ Շաբաթական յաճախականութեամբ, մեր մշտական ներկայութեամբ յատկանշուող այդ արարողակարգերն ու աշխոյժ գործունէութիւնը շարունակուեցան տարիներ։ Ու մենք՝արծուիկներս, դարձանք Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի անդամուհիներ։ Միշտ նախանձախնդիր էինք լիուլի կատարելու մեր պարտաւորութիւնները, լուսաւորելու մեր սրտերը բարեսիրական աշխատանքով, վեհանձն մարդ մնալու տենչով, մեր աւիշին մէջ եռացող «Մի՛շտ պատրաստ» նշանաբանին մղումով։
Ու այսօր, բեմին վրայ, տարիներու մեր ծառայութեան համար երախտագիտական, քաջալերական գնահատանք մը կը հնչէ, ու կանթեղի պատկերով զարդասեղ մը կը նուիրուի իւրաքանչիւրիս, որպէսզի շարունակենք անոր լոյսով ծառայել ու նորեր եւս բռնեն ծառայողական այս ճամբան։
Կարմիր, թաւշեայ երիզով կանթեղի զարդասեղը երկար տարիներու ծառայութենէ ետք կրելը ուխտի վերանորոգում մըն է պարզապէս՝ աւելի լուսաւորուելու եւ լուսաւորելու, ամենադաժան պայմաններուն մէջ անգամ մնալու յոյսի սերմնացան եւ ցաւի բալասան, հսկելու քառաթեւ, գործելու աննահանջ… ուստի՝ ԱՊՐԷ՛, ԱՊՐԵՑՈ՛ՒՐ, ՀԱ՛Յ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ:

Սիրան Աւընեան-Ամպարճեան