Աւագ Ուրբաթ, 2 Ապրիլ 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան նախագահեց մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի թաղման կարգի խորհրդաւոր արարողութեան եւ օրուան խորհուրդը ուղղեց հաւատացեալներուն, Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, հոծ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Յիսուսի դագաղը զարդարուած էր ծաղիկներով։
Արարողութեան հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ բարշ. Գրիգոր սրկ. Տէր Վարդանեանի։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, քահանայ հայրերը, սարկաւագներն ու դպիրները ծնկաչոք «Սուրբ Աստուած» երգեցին, ապա քահանայ հայրերը աւետարանական հատուածներ ընթերցեցին։ Սրբազան Հայրը հանդիսաւոր թափօրով եւ բուրվառելով շրջեցաւ եկեղեցւոյ մէջ, Քրիստոսի օրհնութիւնը բաշխելով հաւատացեալներուն, ապա վերադառնալով ատեան, թափօրի մասնակիցները խոնարհելով Քրիստոսի դագաղին առջեւ, «Խաչի Քո Քրիստոս» շարականը երգեցին։
Սրբազան Հայրը հաւատացեալներուն ուղղեց օրուան խորհուրդը, բնաբան ունենալով հրեշտակին հետեւեալ բառերը. «Եկէք եւ տեսէք այն տեղը, ուր Տէրը պառկած է», յայտնելով, որ մենք եւս այսօր եկած ենք Քրիստոսի ծաղկազարդուած գերեզմանին առջեւ մեր աղօթքը բարձրացնելու կենդանի Քրիստոսին, որ մեզի համար ադամական պատիժը կրեց եւ իր արիւնը թափեց մարդկութիւնը փրկելու համար։
Մասիս Եպիսկոպոս թաղման կարգի օրը բնութագրելով, նշեց, թէ այն սիրոյ, յաղթանակի եւ Աստուծոյ հետ միութեան օրն է։
Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ներկաները, որպէսզի հոգեւոր աչքերով տեսնեն գերեզմանին մէջ հանգչող Քրիստոսը, որ յարութիւն առնելով մեզ սուգէն կեանքի պիտի կոչէ։ Ապա, ան աղօթեց, որ Տէրը բժշկէ մեզ բոլոր հիւանդութիւններէն եւ իր աստուածային լոյսով լուսաւորէ մեր ընտանիքներն ու զաւակները։
Աւարտին, հաւատացեալները մօտենալով Քրիստոսի դագաղին, խոնարհեցան անոր առջեւ եւ համբուրեցին անոր մէջ զետեղուած Սուրբ Խաչը՝ ստանալով խաչեալ Քրիստոսի օրհնութիւնը։
Արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս հանդիպում ունեցաւ եկեղեցւոյ քահանայ հայրերուն եւ թաղական խորհուրդին հետ։ Իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, Սրբազան Հայրը գնահատեց անոնց տարած եկեղեցանուէր աշխատանքը։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդութիւն