«Երկիր».- Սիւնիքի մարզի Շուռնուխ, Որոտան բնակավայրերու բնակիչներուն տուները տրպէյճանցիներու կողմէն խլելու, անոնց նկատմամբ ոտնձգութիւններ իրականացնելու փաստերու յանցագործութեան մասին հաղորդում  ներկայացուած է:

9 Նոյեմբեր 2020-ին Նիկոլ Փաշինեանի կողմէն զիչողական արարքի ստորագրումէն յետոյ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ  անցած  շարք մը բնակավայրեր, իսկ հայ-ատրպէյճանական սահմանը գծուած է «GPS»-ով: Սահմանազատման աշխատանքներուն պատճառով ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ  անցած են նաեւ Սիւնիքի մարզի Շուռնուխի տուներէն  քանի մը հատը, Կապանի ինքնաշարժի ճանապարհի մէկ մասը եւ  շարք մը այլ վայրեր: Սիւնիքի մարզի սահմանային բնակավայրերուն նկատմամբ ատրպէյճանցիներու կողմէն ոտնձգութիւններու մասին ահազանգած են նաեւ համայնքներու ղեկավարները:

Փաստաբան Յովհաննէս Խուտոյան «Փաստինֆօ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր ամիսներուն յանցագործութեան մասին հաղորդում  ներկայացուցած են ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւն` պահանջելով քրէական գործ յարուցել Շուռնուխ-Որոտան բնակավայրերուն մէջ տուների նկատմամբ զինուած անյայտ անձերուն, ըստ էութեան, հակառակորդի կողմէն իրականացուող աւազակային յարձակման, ոտնձգութիւններու փաստին առնչութեամբ: Ներկայացուած հաղորդումը ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւն ուղարկած է Քրէական Կառոյցի Զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութիւն, ուր որոշում  հաստատուած է քրէական գործի յարուցումը մերժելու : Յովհաննէս Խուտոյեան բողոք  ներկայացուցած է  դատախազութիւն` վիճարկելով քրէական գործի յարուցումը մերժելու որոշումը, որ մերժուած է: Յատկանշական է, որ դատախազը բողոքը մերժած է ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի յօդուածով, որ նախատեսած է տարածքային ընդդատութեան հարցը:/

Ըստ փաստաբանին, դատախազը, ըստ էութեան, բողոքը մերժելու որոշումով, թէեւ ոչ ուղղակի կերպով նշած է, որ այդ տուներուն տարածքները ՀՀ սահմանին մէջ չեն գտնուիր: Փաստաբանը դատական կարգով բողոքարկած է քրէական գործի յարուցումը մերժելու  որոշումը` պահանջելով քրէական գործ յարուցել: Բողոքը մակագրուած է Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Արմինէ Մելիքսէթեանին, որ շուրջ մէկ ամիս է, որեւէ գործով նիստ չէ գումարսծ` քննելու  համար ներկայացուած բողոքը:

Հեղինակ` իզապէլ Սահակեան