Չորեքշաբթի, 31 Մարտ 2021-ի առաւօտեան Գամիշլիի Ազգային Եփրատ Մանկապարտէզի աշակերտները վարժարանին կից գտնուող պարտէզին մէջ ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ աւանդական հաւկթախաղ խաղցան Ս. Յարութեան տօնին նախօրէին։ Հաւկթախաղին ներկայ գտնուեցաւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, որ իր ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ խանդավառեց երեխաները։ Աւարտին վարժարանի տնօրէնուհի, փաստաբան տիկ. Մարալ Սարգիսեան- Գասապեան շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեշնորհ հայր սուրբին այցելութեան համար, ապա ուսուցչուհիներուն կողմէ պատրաստուած նուէրները բաշխուեցան աշակերտներուն։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն